ՍԵԼԻՆԱ ՄԱՆԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Սե­լի­նա Մա­նան փայ­լուն նուա­ճում մը ար­ձա­նագ­րած է հա­մալ­սա­րա­նա­կան մտից քննու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին։ Այս­պէս, ան յա­ջո­ղած է մուտք գոր­ծել Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Ճեր­րահ­փա­շա­յի բժշկու­թեան բա­ժի­նը։ Ծա­նօթ է, որ հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րու դժուարին դրու­թեան մէջ այս ար­դիւն­քին հաս­նիլ կը նշա­նա­կէ գե­րա­զանց մա­կար­դա­կի մը վրայ գտնուիլ։

Սե­լի­նա Մա­նան, որ 1998-ին ծնած է Իս­թան­պու­լի մէջ, ման­կա­պար­տէ­զէն սկսեալ ա­շա­կեր­տած է Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան, ո­րու լի­սէի բաժ­նէն վկա­յուած է 2015-2016 շրջա­նի ա­ւար­տին։ Մխի­թա­րեան­ցի հա­րա­զատ սա­նի մը ար­ձա­նագ­րած այս փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւ­նը մեծ ու­րա­խու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է նաեւ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քէն ներս։ Ար­դա­րեւ, բո­լո­րը կը վկա­յեն, թէ Սե­լի­նա Մա­նան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն ե­ղած է օ­րի­նա­կե­լի ա­շա­կեր­տու­հի մը, միշտ ար­ժա­նա­ցած է իր ու­սու­ցիչ­նե­րու ան­վե­րա­պահ գնա­հա­տան­քին, նաեւ միշտ մեծ հա­մակ­րանք ու սէր վա­յե­լած՝ իր դա­սըն­կեր­նե­րուն մօտ։ Ի­րեն բնո­րոշ մաս­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը ե­ղած են՝ ու­շի­մու­թիւ­նը, պար­տա­ճա­նա­չու­թիւ­նը եւ խոր գի­տակ­ցու­թիւ­նը, ինչ որ զին­քը ա­ռաջ­նոր­դած է ար­դէն բարձ­րա­գոյն ուս­ման հանգ­րուան։ Հա­մալ­սա­րա­նա­կան հար­թու­թեան վրայ ալ ա­պա­հո­վա­բար ան պի­տի տե­ւա­կա­նաց­նէ իր յա­ջող ըն­թաց­քը եւ բժշկա­կան կա­լուա­ծէ ներս ա­պա­գա­յին պի­տի դառ­նայ հե­ղի­նա­կու­թիւն մը։

Այս բա­ցա­ռիկ յա­ջո­ղու­թեան առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Սե­լի­նա Մա­նա­նը, ո­րուն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ թէ՛ բարձ­րա­գոյն ուս­ման տա­րի­նե­րուն եւ թէ բժշկու­թեան նուի­րա­կան աս­պա­րէ­զի ա­ւե­լի հե­ռա­հար տա­րի­նե­րուն։ Այս առ­թիւ կը բաժ­նենք իր ըն­տա­նի­քին եր­ջան­կու­թիւ­նը, նաեւ Մխի­թա­րեա­նի մեծ ըն­տա­նի­քին ու­րա­խու­թիւ­նը՝ մա­նա­ւանդ, որ պատ­մա­կան վար­ժա­րա­նէն ցարդ հա­սած է ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան աս­պա­րէ­զին նուի­րուած ե­րախ­տա­շատ ա­նուն­նե­րու պա­տուա­բեր փա­ղանգ մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016