ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
2023-24 շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը, ըստ ընկալեալ սովորութեան, տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։ Երէկ երեկոյեան, Սամաթիոյ ընտանիքը հիւրընկալեց համայնքային շրջանակները եւ այս հաւաքոյթը արդէն մատաղօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքներու սկիզբը բնորոշեց։ Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի կողմէ օրհնուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան Սամաթիոյ ընտանիքին վարիչները, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր եւ բարերարներ։ Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ, բացօթեայ սիրոյ սեղանի ընթացքին մանրամասնութիւններ հրապարակուեցան՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի այժմու առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Ներկաները մասնաւորապէս վերահասու դարձան Սահակեան-Նունեան վարժարանի առկայ կարիքներուն, որոնք կ՚ուղղորդուին բաւական բարձր պիւտճէի բացով մը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան այս կապակցութեամբ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի յառաջիկայ սիրոյ սեղանի ընթացքին համայնքային շրջանակներու զօրակցութեամբ կարելի ըլլայ հաւասարակշռել այս տարուան պիւտճէն։
Սամաթիոյ այս տարուան սիրոյ սեղանի կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորուի՝ թաղի նախկին ատենապետ Եսայի Տեմիրի եւ Սամաթիոյ շրջանակներու ծանօթ դէմքերէն Խաչիկ Քեչիեոլուի կողմէ։
Հարկ է նշել, որ Սամաթիոյ սիրոյ սեղանը պիտի սարքուի հոկտեմբերի 8-ին։