ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղանի հուսկ բանքին ժամանակ անդրադարձաւ համայնքային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերուն։ Ան նախ կանգ առաւ մեր դպրոցներու պիւտճէի բացի հարցին վրայ։ «Սա այս եղանակի երրորդ սիրոյ սեղանն էր։ Մէրամէթճեան վարժարանը եղաւ մեր ան երրորդ դպրոցը, որուն համար մատաղօրհնութիւն տեղի ունեցաւ։ Մինչեւ այսօր մեր դպրոցներու պիւտճէի բացերը լրիւ չեն փակուած։ Այն ինչ, որ կը հաւաքուի՝ մեր համայնքի գիտակից անդամներուն շնորհիւ է։ Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար, անտարբերները գերակշիռ մեծամասնութիւն կը կազմեն մեր համայնքին մէջ։ Մարդիկ անտարբերութիւն կը ցուցաբերեն՝ հակառակ, որ համայնքի անդամ են։ Մեր սիրոյ սեղանները իրենց աւանդական բնոյթը կորսնցուցած են։ Այդ աւանդութիւնը կը հասնի մինչեւ առաքեալներու շրջանը։ Այս սեղանները իրարու հետ անմիջական զրուցելու միջավայրներ պէտք է ըլլան։ Սակայն, սիրոյ սեղանները այսօր առաւել չափով հանգանակութեան սեղաններու վերածուած են։ Մեր բոլոր հաստատութիւնները, դպրոցները ունին նիւթական նեղութիւններ եւ անոնց համար դրամահաւաք կը կատարուի։ Մեր մաղթանքն է, որ օր մը չունենանք պիւտճէի բաց ունեցող հաստատութիւն կամ դպրոց։ Այժմու բարդ երեւոյթը կը փոխուի, եթէ մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամը լուման ներդնէ իր հնարաւորութիւններու չափով։ Այսօր համայնքի գրեթէ 95 տոկոսը անտարբեր է մեր հաստատութիւններու նկատմամբ։ Այս բոլոր հաստատութիւնները մերն են։ Պէտք է տէր կանգնինք անոնց։ Անոնք ազգային հաստատութիւններ են, ունին կարեւոր առաքելութիւն, սակայն ազգային հաստատութիւն չի նշանակեր ձրի հաստատութիւն։ Մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամ պէտք է իր բաժինը ունենայ անոնց գոյատեւման ուղղութեամբ ու պէտք է ներդնէ իր լուման։ 13 դպրոց ունինք, հիմա անոնց վրայ աւելցաւ նաեւ «Հրանդ Տինք» դպրոցը։ Կարեւոր չէ, որ աշակերտները մեր համայնքէն են կամ հայաստանցի են։ Բոլորն ալ մեր զաւակներն են, բոլորին մասին ալ պէտք է մտածենք։ Ինչպէ՞ս տակէն դուրս պիտի գանք այս ծանր բեռին։ Ձեզ ձեր խղճին հետ գլուխ գլխի կը թողեմ», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Սիրոյ սեղանի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանի կողմէ վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին Պատրիարքարանին եւ իրեն դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն շուրջ։ Ան ամփոփ գիծերու մէջ ըսաւ. «Միջոցէ մը ի վեր ինծի  մարդիկ կը հարցնէին, թէ ինչո՞ւ Պատրիարքարանի մէջ համայնքային առկայ հարցերուն շուրջ ժողով մը չի գումարուիր, երբ այսքան լուրջ հարցեր գոյութիւն ունին։ Այդ պահանջները բաւարարելու համար անցեալ ամիս Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպեցինք ժողով մը, որուն մասնակցեցան մեր համայնքային հաստատութիւններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։ Ինն մատակարար մարմին չմասնակցեցաւ այդ ժողովին եւ մենք անոնց ուղարկեցինք նամակներ։ Առանց բացառութեան մեր բոլոր հաստատութիւնները հրաւիրուած էին։ Այդ ժողովին մասնակցիլը ոչ միայն Պատրիարքական Աթոռին, այլ նաեւ միւս մասնակիցներուն նկատմամբ յարգանքի խնդիր մըն էր։ Բացականերուն ուղարկուած նամակներէն վերջ, ոմանք հեռաձայնելով ներողութիւն խնդրեցին», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ ցաւ յայտնեց, որ այդ ժողովէն բացակայած էր Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը եւ անոր ատենապետը՝ Թորոս Ալճան վերջերս ուղարկուած նամակին շուրջ գանգատ յայտնած էր թերթի մը տուած հարցազրոյցին մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը շարունակեց.

«Ես Ս. Խաչ դպրեվանքի վանահայրն եմ այս պահուն։ Սիրեն կամ չսիրեն այդպէս եմ։ Խնամակալութիւնը վերջերս ապահոված է ձեռքբերումներ, որոնց համար զիրենք կը ծափահարենք։ Ինչպէս որ Օրթագիւղի, Պէյքոզի կամ Գարակէօզեանի պարագային ձեռքբերումները ծափահարած ենք, այնպէս ալ Դպրեվանքի յաջողութիւնը կը ծափահարենք։ Սա տարբեր խնդիր։ Սակայն մեր նամակին շուրջ ինչո՞ւ դժգոհութիւն յայտնել թերթի միջոցաւ։ Միթէ Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ մեր խնդիրները մամլո՞յ միջոցաւ պէտք է բարձրաձայնենք։ Պատրիարքարանը նոյնինքն համայնքային հարցերու լուծման հասցէն է։ Եթէ կան դժգոհութիւններ, ապա կու գաք, կը խօսինք ու կը լուծենք։ Թերթերու մէջ խօսիլը կը ծառայէ միայն մեր ցաւերը բազմապատկելու։ Այսպէսով մեր գործերը չեն քալեր։

«Հարց տրուած է, թէ ես քանի՞ անգամ այցելած եմ Դպրեվանք։ Վերջին եօթ տարուան ընթացքին ես ներկայ եղած եմ բոլոր սիրոյ սեղաններուն, մասնակցած եմ իմ հրաւիրուած բոլոր կաղանդի հաւաքոյթներուն եւ երբ որ քաղաքի մէջ եղած եմ, մասնակցած եմ նաեւ վերամուտներուն։ Իսկ դուք ինծի քանի՞ անգամ հրաւիրած էք արդեօք։ Ես ալ ուսանած եմ Դպրեվանքի մէջ։ Մեր բոլորի տեղն է։ Պատրիարքարանն ալ մեր բոլորի տեղն է։ Այսօր ես կամ, վաղը ուրիշ մը կ՚ըլլայ. ո՛վ որ ալ ըլլայ Պատրիարքարանի մէջ՝ Ս. Խաչ դպրեվանքի վանահայրն է։ Ուստի ես ցաւ կը յայտնեմ այստեղ, տգեղ բան մը պատահած է եւ կ՚ուզեմ գիտնան, թէ յուզուած եմ»։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018