ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Խորհրդակցական մարմնի ժողով, որուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Սա Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմնի հերթական ժողովն էր, որ սկսաւ աղօթքով։  

Երէկուան նիստին հրաւիրուած էր նաեւ Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Գալայճեան։ Անցեալ ժողովին Խորհրդակցական մարմինը նկատի առած էր մասնաւորապէս այժմ վարժարան մը հովանաւորելէ դադրած մեր թաղերու կալուածներու հարցերը, որոնք համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան ենթակայ են։ Ի շարունակութիւն այդ քննարկումներուն երէկուան ժողովին հրաւիրուած էր Ենիգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետը։ Նիստի ընթացքին ան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Ենիգիւղի եկեղեցւոյ Վոսփորի յայտնի կալուածին շուրջ, որ թէեւ կը խոստանայ լուրջ հեռանկարներ, սակայն անոր արժեւորման համար նպաստաւոր հիմքերու ստեղծման առաջադրութեամբ աշխատանք կը տարուի տասնամեակներէ ի վեր։ Թաղային խորհուրդի ատենապետը Խորհրդակցական մարմնի նկատառման յանձնեց այդ տարածքի վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց զանազան շինարարական ընկերութիւններու հետ մշակուած շփումներուն առընչութեամբ։ Մինչ Խորհրդակցական մարմնի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին այդ մանրամասն տեղեկութիւններուն համար, Ենիգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետն ալ յայտնեց, որ միշտ պատրաստ է Պատրիարքարան փութալու եւ պահանջուած բոլոր տեղեկութիւնները տրամադրելու։

Աւելի վերջ Խորհրդակցական մարմնի անդամները քննարկումները շարունակեցին եւ այդ փուլին ալ օրակարգի վրայ եկան համայնքապատկան կալուածներու վերաբերեալ խնդիրներ։ Ժողովականները շեշտեցին, որ մեր բոլոր հաստատութիւնները թէեւ կը ներկայացուին ու կը ղեկավարուին իրենց առանձին մատակարար մարմիններուն կողմէ, սակայն կալուածներու պարագային գործարքներ, պայմանագրեր կնքելէ առաջ լաւ կ՚ըլլար կեդրոնաձիգ խորհրդակցական դրութիւն մը ստեղծել։ Այսպէսով կարելի կրնայ ըլլալ կանխել այն շարք մը դժուարութիւնները, որոնք այսօր կալուածական հարցերու բերումով ծառացած մեր զանազան հաստատութիւններուն առջեւ։ Այդ կեդրոնաձիգ դրութիւնը եթէ նոյնիսկ զրոյցներու, խորհրդատուութեան հարթութեան վրայ գործէ, ապա դարձեալ կրնայ մեծ օգուտ բերել ու նպաստել համայնքապատկան կալուածներու նպատակասլաց արժեւորման։

Խորհրդակցական մարմնի անդամները երէկ հերթական անգամ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ մեր կրթական կեանքի խնդիրները։ Բոլորը ողջունելի համարեցին նոր կալուածներու տիրացած հաստատութիւններու պարագան՝ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ համայնքին վիճակած միջոցները պէտք է արժեւորուին ընդհանրական մօտեցումներով, մեր կրթական համակարգէն ներս, դպրոցներու միջեւ հասարակաց վերելք մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Ժողովականները շեշտեցին, որ այժմու պայմաններով անկարելի է բարձր որակով կրթութիւն մը պատկերացնել նուազ նիւթական միջոցներով։ Ուստի, մեր հաստատութիւններու հնարաւորութիւնները, միջոցները պէտք է բաժնուին՝ հաշուի առնելով այս հանգամանքը։ Այս կէտին վրայ ժողովականները յատկապէս կարեւորեցին, որ մեր վարժարանները յաճախող տղաքը առանց բացառութեան համայնքի հարազատ զաւակներն են, ուստի անոնք պէտք է դասուին հաւասար եւ ըստ այդմ պէտք է օգտուին համայնքի հնարաւորութիւններէն։

Ի շարունակութիւն կրթական հարցերուն, Խորհրդակցական մարմնի օրակարգին վրայ եկաւ Գալֆաեան Տան ի նպաստ մօտալուտ հանգանակութիւնը։ Ժողովականները նշեցին, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը վերջերս պետութենէն որպէս հատուցում ստացած է լուրջ գումար մը եւ այս տարի այլեւս հանգանակութեան համար պիտի չդիմէ մեր համայնքին։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տիրացած այդ հնարաւորութիւնները Գալֆաեան Տան առջեւ եւս նոր հնարաւորութիւն մը կրնան ուրուագծել։ Արդարեւ, քանի մը տարի առաջ Պատրիարքարանի մէջ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի եւ Գալֆաեան Տան խնամակալութիւններուն միջեւ փաստաթուղթ մը ստորագրուած էր՝ համատեղ կառավարման ուղղութեամբ։ Ուստի, այժմ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տիրացած միջոցները պէտք է օգտագործուին նաեւ Գալֆաեան Տան ի նպաստ։ Սոյն խօսակցութիւններու հիման վրայ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ պիտի փորձէ համապատասխան մանրամասնութիւնները պարզել՝ երբ տարեկան սիրոյ սեղանի ընդառաջ Գալֆաեան Տան խնամակալները այցելեն Պատրիարքարան։

Այլ կարգ մը նիւթերու շուրջ ալ կարծիքի փոխանակումներէ վերջ Խորհրդակցական մարմնի ժողովը եզրափակուեցաւ նորին սըր-բազնութեան օրհնութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018