ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին հերթական անգամ մէկտեղուեցաւ մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած պասքեթպոլի ձմրան դասընթացին։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նորին Ամենապատուութեան եւ շիշլիցի պատանի մարզիկներու ջերմ հանդիպումը, որ իսկապէս անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլի մարզակումբը երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ այս դասընթացները թէ՛ ձմրան եւ թէ ամրան։ Վերջին տարիներուն մէկէ աւելի թաղերու մէջ կ՚իրականացուի դասընթացները։ Պատանի մարզիկներու հետ Նորին Ամենապատուութեան Պաքըրգիւղի հանդիպումը իսկապէս եզակի իրադարձութեան մը վերածուեցաւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շատ ջերմ հաղորդակցութեան մթնոլորտ մը ապահովեց փոքրիկներուն համար, որոնց յորդորներ տալու առընթեր, նոյնիսկ, գնդակը ձեռքին առաւ եւ պասքեթ նետելու փորձ մըն ալ ըրաւ։

Պաքըրգիւղի մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալուեցաւ Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի եւ իր գործակից ընկերներուն, Տատեան վարժարանի պատասխանատուներուն եւ Պաքըրգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Բնականաբար, Նորին Ամենապատուութիւնը բուն հիւրընկալողներն էին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ ակումբի շրջանակներէն յայտնի դէմքեր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ՝ մեր համայնքէն ներս ընկերային կառոյցներու գործունէութիւնը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերուն շուրջ։ Նոյն ամբողջին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը դրուատեց վարչայինները, որոնք եռանդով կ՚աշխատին այս նպատակով։ Ան մեծապէս կարեւորեց մեր նոր սերունդի այդ կառոյցներու գործունէութեան ներգրաւումը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նաեւ կոչ ուղղեց, որպէսզի նոր սերունդին համար Պատրիարքարանը տեսնելու, անոր մթնոլորտը շնչելու հնարաւորութիւնը ստեղծուի՝ այցելութիւններու կազմակերպումով։

Պատանի մարզիկներուն օրհնութիւնները փոխանցելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ անմիջական զրոյց մըն ալ ունեցաւ թէ՛ թաղային խորհուրդի եւ թէ մարզակումբի վարչութեան անդամներուն հետ։

Ի յիշատակ այս այցելութեան Ալէն Թեքպըչաք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեց յուշանուէր մը, որ պատրաստուած էր Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 75-ամեայ յոբելեանին առթիւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021