ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ի Տէր հանգած է Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու ժրաջան անդամներէն Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր անողոք հիւանդութենէ կը տառապէր։ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները երէկ ուշ երեկոյեան ժամերուն արձագանգ հանդիսացան հայր սուրբի կորուստին, ինչ որ խոր ցաւ եւ յուզում յառաջացուց նաեւ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան վերջին շրջանին կը վարէր Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետի եւ դիւանապետի պաշտօնները, նաեւ կ՚ատենապետէր Կրօնական ժողովին։ Ան ձեռնասունն էր երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի, երկար ժամանակէ ի վեր կարեւոր դերակատարութիւն ունէր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ինչ որ իր հրաժեշտի այս տխուր հանգրուանին կը բազմապատկէ հաւատացեալներու մատնուած սուգը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքական Աթոռին կողմէ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։
*
ՀԱՆԳԻՍՏ
ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒՇԵԱՆ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբանութեան անդամներէն Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի խտացեալ դարմանման բաժնին մէջ իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Գերպ. Հայր Սուրբը բացի Ֆէրիգիւղի իր քարոզչական պաշտօնէն, Պատրիարքական Աթոռի վարչական կազմին մէջ ունէր կարեւոր ծառայութիւն, վարելով դիւանապետի, լուսարարապետի պաշտօնները։ 2019-ին Ազգային պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած էր Կրօնական ժողովոյ անդամակցութեան եւ ընտրեալ ժողովականներու միաձայնութեամբ կոչուած էր ժողովի ատենապետութեան։
Ծնած էր 1966-ին Իսթանպուլ։ Քահանայ ձեռնադրուած եւ վեղար առած էր 2003-ին՝ ձեռամբ երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին։ Վարդապետական եւ ծայրագոյն վարդապետական գաւազանները ստացած էր ձեռամբ իր հոգեւոր ծնողին։ Պատկ. Կրօնական ժողովը որոշած էր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընծայական տալ իրեն եւ իբր այդ դիմում ներկայացուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։
Իր վարչական կարողութեամբ ունեցած էր օգտակար ծառայութիւն։ Դժբախտաբար անողոք հիւանդութիւնը պատճառ դարձաւ, որ երիտասարդ տարիքին հրաժեշտ առնէ իր եկեղեցիէն ու հաւատացեալ ժողովուրդէն։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։
Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան թուականը եւ վայրը կը ծանուցուի յետագայ օրերուն։
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Աւազանի անունով Արէտ, ծնած է 25 յուլիս 1966-ին Իսթանպուլ, Նարլըգաբուի մէջ։ Որդին է Արամի եւ Արաքսի Ավրուզի։ Կը մկրտուի ձեռամբ՝ Թադէոս Քհնյ. Տէրողորմեաճեանի, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՚ուսանի Պոմոնթիի Մխիթարեան, միջնակարգի ուսումը կը ստանայ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, լիսէի ուսումը՝ Ս. Խաչ դպրեվանք վարժարաններուն մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Իսթանպուլ համալսարանի Գրական ֆաքիւլթէի անգլերէնի լեզուագիտութեան բաժնին մէջ։ Լիսէի եւ համալսարանի ուսանողական շրջանին կը պաշտօնավարէ որպէս հսկիչ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։ Մասնակցութիւն կը բերէ Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան թատերական խումբին, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ու սանուց միութեան երաժշտական գործունէութեանց։
1977-ին կը սկսի յաճախել Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին, ուր յետագային կը տանի նաեւ պատուակալ լուսարարի պաշտօնը։ Կը հետեւի Սեդրակ Սրկ. Տավութհանի, Գրիգոր Սրկ. Հաբէլեանի եւ Շնորհք Քհնյ. Մուրատեանի Հայկական ձայնագրութեան ու շարականագիտութեան դասընթացքներուն։ Հոկտեմբեր 1986-ին պաշտօն կը ստանձնէ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ որպէս երաժիշտ։
1988-ին մտնելով գործի ասպարէզ, կը պաշտօնավարէ զբօսաշրջական հաստատութեանց զանազան բաժիններուն մէջ, կատարելով նաեւ վարչական պարտականութիւններ։ Կը ծառայէ նաեւ որպէս գործօն անդամ միջազգային գետնի վրայ, մաս կազմելով խմբակներու եւ վարելով քարտուղարի պաշտօնը՝ Ամերիկեան զբօսաշրջական միութեան Թուրքիոյ բաժնի։
Դպրութեան չորս աստիճաններ կը ստանայ 1992-ին Գարեգին Բ. Պատրիարքի ձեռամբ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ։ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը դեկտեմբեր 2001-ին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ իրեն կը շնորհէ ուրար կրելու արտօնութիւն, իսկ 28 յուլիս 2002-ին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրէ կիսասարկաւագ։ Այդ թուականէն սկսեալ մաս կը կազմէ Պատրիարքարանի դիւանին, իբրեւ դիւանապետ ու ապա՝ Նորին Ամենապատուութեան անձնական քարտուղար։ Ան, 29 դեկտեմբեր 2002-ին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքէ կը ստանայ սարկաւագական ձեռնադրութիւն, լծակից ունենալով Վաղարշակ Սերովբեանը (այժմ՝ Յովակիմ Աբեղայ)։ Նորին Ամենապատուութիւնը 1 մարտ 2003-ին՝ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ զինք կը ձեռնադրէ կուսակրօն քահանայ։ Նոյն 2003-ի ամրան կը նշանակուի Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին, որ կը վարէ մինչեւ 2016 թուականը։ Իսկ աշնան, կը մեկնի Լիբանան՝ մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան դպրեվանքի մասնաւոր լսարանի երկամեայ դասընթացքներուն։ Հետեւելով սուրբգրական, ծիսագիտական, շարականագիտական, աստուածաբանական, եկեղեցա-պատմական եւ քարոզխօսական դասերուն, կը վկայուի 25 յունիս 2005-ին։
2005-2006 տարեշրջանին կը շարունակէ իր կեցութիւնը Պիքֆայայի Զարեհեան դպրեվանքի մէջ՝ կատարելով վարդապետական աւարտաճառին հետ առընչուած ուսումնասիրութիւններ ու միաժամանակ ստանձնելով ուսուցչական պաշտօն այդ երդիքին տակ։ Կը պաշտօնավարէ Ժառանգաւորաց ու ընծայարանի բաժիններուն մէջ, դասաւանդելով՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, ներածութիւն Հին կտակարանի, մեկնաբանութիւն, սուրբգրային յունարէն, քրիստոնէական եւ հայոց պատմութիւն։ Կը ստանձնէ դպրեվանուց լուսարարապետի պաշտօնը։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին առընթեր, հոկտեմբեր 2006-ին կը նշանակուի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչի պաշտօններուն։ 30 սեպտեմբեր 2007-ին ամբողջացնելով «Քրիստոնէութեան երկթեւեան մուտքը Հայաստան» աւարտաճառը, 25 հոկտեմբեր 2007-ին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը ստանայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն Մեսրոպ Բ. Պատրիարքէ։ Կը պատրաստէ «Նիկիոյ Ս. Ժողովը եւ Հայ Եկեղեցին» թեզը եւ 18 դեկտեմբեր 2007-ին Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր ձեռամբ կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետական գաւազան։
2010-ին Հոգեւորականաց համագումարէն կ՚ընտրուի Կրօնական ժողովոյ անդամութեան, իսկ 13 յուլիս 2010-ի նիստին կ՚ընտրուի ատենապետ եւ կը պաշտօնավարէ մինչեւ իր հրաժարումը (31 դեկտեմբեր 2015)։ Կ՚ուսուցչագործէ Թաքսիմի Էսաեան, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան եւ Բանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ՝ աւանդելով կրօնագիտութիւն։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ, դիւանապետութեան առընթեր, կը վարէ նաեւ Հրատարակչական բաժանմունքի նախագահութիւնը, Աթոռոյ լուսարարապետութիւնը։ Աթոռոյ ժառանգաւորներու լսարանի մէջ կը դասախօսէ, աւանդելով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ գրաբար։ Կը նշանակուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ծիսական յանձնախումբի անդամութեան։ Պատգամաւորական ժողովի կողմէ կ՚ընտրուի Կրօնական ժողովի անդամութեան (11 դեկտեմբեր 2019), անդրանիկ նիստին կ՚ընտրուի ատենապետ։