ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն անդամներէն Քոզէթ Ավանուսն ու Նուպար Մանավեանը։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ կիրակի, նոյեմբերի 19-ին նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Պաքըրգիւղի ընտանիքը զօրակոչի ենթարկուած է։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին ատենապետ Մարի Եանճը եւ իր գործակից ընկերները մանրամասն բացատրութիւններ տուին թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ դպրոցի այժմու վիճակին շուրջ։ Անոնք յայտնեցին, որ Տատեան վարժարանը ներկայիս ունի 400 աշակերտ եւ 67 հոգինոց ուսուցչական կազմ ու պաշտօնէութիւն։ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները կը մատնանշեն, որ շուրջ 12 միլիոն թրքական լիրայի կը հասնի այս տարուան պիւտճէի բացը՝ հակառակ անոր, որ դպրոցի աշակերտներու ծնողներու սիրայօժար նուիրատուութիւններով իրենց առաւելագոյնը կ՚ընեն նիւթական բեռը թեթեւցնելու նպատակով։

Հուսկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները համայնքային շրջանակներուն կոչ ուղղեցին, որպէսզի այս տարի եւս զօրակցութեան առարկայ դառնայ Տատեան վարժարանը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023