«ՀԱՅՃԱՐ»Ի ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔԸ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայճար»ի Ամանորի հաւաքոյթը։ «Հայճար»ի ընտանիքը տարեմուտի առթիւ փափաքած էր ընդունելութիւնով մը համախմբել իր համակիրներու եւ գործակիցներու շրջանակը։ Երեկոյթի ընթացքին միեւնոյն ժամանակ ծանօթացուեցաւ Պալեաններու վերաբերեալ պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որու բեմադրիչն է Կարօ Պապայեան։ Երեկոյթը պատուեցին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան,  վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ներկայ էին նաեւ համայնքային շրջանակներէ բարերարներ, վարչայիններ, ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ բարերար Հրաչ Քըրմըզըեան, որ կը խրախուսէ «Հայճար»ի ծրագրերը։

Ընդունելութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ փոխ-ատենապետուհի Իրեն Պըչաքճը։

Ընդունելութեան տեւողութեան ներկաները ջերմ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ, գնահատեցին «Հայճար»ի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը եւ անկեղծ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին՝ մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018