ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Մեր զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կամ հա­մայն­քա­յին յանձ­նա­խում­բե­րու տիկ­նանց կազ­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն առ­թիւ Պատ­րիար­քա­րան փու­թա­ցին շնոր­հա­ւո­րու­թեան։ Աննպաստ ե­ղա­նա­կին հե­տե­ւան­քով յե­տաձ­գուած էր այս հան­դի­պու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ող­ջու­նեց տիկ­նանց կազ­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Տօ­նա­կան բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ ան ընդգ­ծեց մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ա­նոնց ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ հեր­թա­կան ան­գամ գնա­հա­տեց ա­նոնց նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Իր խօս­քե­րով, կա­նայք կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւն ստանձ­նած են մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներս։ Մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մը մէջ Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ կար­ծի­քի փո­խան­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Նո­րին Սրբազ­նու­թեան, որ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն առ­թիւ ա­նոնց յղեց իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաղ­թան­քը։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ ը­րաւ նաեւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար։

Հուսկ, եր­գուե­ցաւ «Խոր­հուրդ մեծ» եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նու­ռեր բաժ­նեց տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017