ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄԷՋ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ ԿԱՅՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի մարզիկները վերջերս հրաւիրուեցան Թուրքիոյ ազգային հաւաքականի փորձարկումներուն եւ ընդհանուր մարզումներուն։ Թուրքիոյ պասքեթպոլի դաշնակցութեան կողմէ Շիշլի ակումբին ուղղուած հրաւէրով՝ ազգային հաւաքականի թեկնածուներու փորձարկումներուն մասնակցեցան Շիշլիի կազմէն Նիքօ Զողրաֆիտիս, Ժոզէֆ Արաբ, Կարէն Պոյնուքալըն եւ Արաս Էթեէմէզ։ Շիշլիցի այս մարզիկները արձանագրուեցան ազգային հաւաքականի թեկնածուներու ընդհանուր համակարգին մէջ եւ յառաջիկայ շրջանին պիտի մնան ուշադրութեան առարկայ։

Միւս կողմէ, Շիշլիի պասքեթպոլի կազմը Իսթանպուլի արական լիկի լաւագոյն չորս խումբերու շարքին կը դասուի։ Յառաջիկայ շրջանին Քիւթահիայի եւ Արդուինի մէջ շիշլիցիները մասնակցութիւն պիտի բերեն շրջանային լիկերու աւարտականներուն, որոնց նպատակն է բարձրանալ Թուրքիոյ Գ. լիկը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019