ՈՒԹՕՐԷՔԻ ԱՌԹԻՒ ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՐԻՍԱ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, երէկ առաւօտ, եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ աղօթասացութիւն, սուրբգրային սերտողութիւն եւ հարիսայի օրհնութիւն։ Աշխատութեան մասնակցեցան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ սուրբգրային աշխատութեանց մասնակից խումբ մը տիկիններ։

Միասնաբար կատարուած աղօթքի աւարտին՝ հայր սուրբը Յիսուս Քրիստոսի անուան իմաստին մասին խօսեցաւ ներկաներուն։ Հանգամանօրէն բացատրեց, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոսէ աւանդուած փրկութեան աւետիսը։ Այնուհետեւ, շեշտեց, թէ Աստուածորդիի մարմնացումը ուղղակիօրէն ապացոյցն է Աստուծոյ սիրոյն՝ հանդէպ մարդկութեան։ Քրիստոսի ծննդեամբ՝ մարդկային պատմութիւնը նոյնինքն փոխուեցաւ։ Իր ծննդեամբ՝ մարդիկ գտան խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք ուղղուելու ճանապարհը։ Այնուհետեւ յիշեցուց, թէ Աստուծոյ ներկայութիւնը եթէ զգալի չդառնայ մեր հաւատքի կեանքին մէջ, չենք կրնար ըմբռնել նաեւ փրկութեան բառին իմաստն ու զօրութիւնը։ Քրիստոսի փոխանցած լոյսով միայն կրնանք ճանչնալ, այս աշխարհի խաւարային մտածումներու քայքայիչ ազդեցութիւնը եւ իրենց հետ պայքարիլ նոյն Փրկչի աստուածային զօրութեամբ։ Հետեւաբար, քրիստոնէութիւնը նախ եւ առաջ իւրացնել է՝ Յիսուսի որպէս «Փրկիչ» յայտնութիւնը։

Աշխատութեան աւարտին՝ հայր սուրբը անդրադարձաւ սաղիմական գեղեցիկ աւանդութեան մը։ Այնուհետեւ, ան ըսաւ, թէ հարիսան մասնաւորապէս նոյնացած է վաքըֆլըգիւղցիներու հետ։ Սակայն, տարբեր շրջաններու մէջ տարբեր առիթներով եւս հաստատուած է հարիսա պատրաստելու, օրհնելու եւ բաշխելու աւանդութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ Ս. Երուսաղէմի մէջ Ութօրէքի տօնին հայիսայի պատրաստութիւնը գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է։ Այս մէկը, երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի օրով կեանքի կոչուած էր Պոլսոյ մէջ եւս։ Այս աւանդութիւնը, ընդունելութիւն գտած էր նաեւ երջանկայիշատակ Շահան Արքեպիսկոպոս Սվաճեանի կողմէ եւս։ Ս. Թագաւոր եկեղեցին սուրբգրային աշխատութեան առիթը օգտագործելով փափաքն ունեցած էր վերակենդանացնելու այս սովորութիւնը։ Հայր սուրբը իր խօսքերու աւարտին շնորհաւորեց Սրբուհի Պիլալը, որ պատրաստած էր հարիսան։

Հանդիպման առթիւ Քրիստոսի առաջնորդութեամբ բազմաբեղուն գործունէութիւն մաղթեց բոլոր ներկաներուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019