Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԱՐԱՍ ԷՕԶՔԱՅԱՅԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գալֆայեան Տան սաներէն Արաս Էօզքայա փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ վերջերս կազմակերպուած Թուրքիոյ Միջվարժարանային մտախաղերու առաջնութեան եզրափակիչ փուլին։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան եւ «TÜBİTAK»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։
Արաս Էօզքայա յաջողութեամբ դուրս եկած է մրցոյթի երեք հանգրուաններէն եւ Թուրքիոյ 26-րդը հանդիսացած։ Իր թուաբանութեան ուսուցչուհին է Սիպիլ Ելէկէն։
Կը շնորհաւորենք ու յաջողութիւն կը մաղթենք։
Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021
Թրքահայ կեանք
- 02/05/2025