ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՇԻՐԻՆՃԷ

Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ տարեվերջի պտոյտ մը։ Այսպէս, տղաքը մեկնեցան Շիրինճէ, ուր երեք օր անցուցին «Նեսին» ուսողութեան գիւղին մէջ։ Կեցութեան օրերուն անոնք դասեր ստացան յայտնի մասնագէտ Ալի Նեսինի եւ այլ ուսուցիչներու կողմէ։ Ճամբորդութեան ընթացքին անոնք եղան նաեւ Եփեսոսի եւ այլ տեսարժան վայրերու մէջ, վայելեցին նաեւ բնութեան գեղեցկութիւնը։

Ուղեւորութեան ընթացքին աշակերտներու խումբը գլխաւորեցին վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր եւ ուսուցչական կազմէն Հեղինէ Տիքմէ ու Թանիա Թուրղայ։ Տղաքը վառ տպաւորութիւններով վերադարձան քաղաքս։   

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018