ԱՆԳԼԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԵՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին ընդառաջ փութացած են Թուրքիա։ Ուխտագնացութիւնը կը գլխաւորէ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց հիւր առաջնորդը եւ իրեն ընկերակից խումբէն ներկայացուցիչներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ իրենց նկատմամբ եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ անոնք եւս պիտի բաժնեն շաբաթավերջի տօնակատարութիւններու հոգեւոր ուրախութիւնը՝ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Հարկ է նշել, որ ուխտաւորներու խումբը Իսթանպուլի կեցութիւնը աւարտելէ վերջ պիտի ուղեւորուի դէպի Վաքըֆլըգիւղ, ուր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն մասնակցելէ վերջ, տաղաւարի տօնակատարութիւններուն ալ ներկայ պիտի գտնուի։
Գումգաբուի երէկուան հանդիպման ընթացքին, Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալէ վերջ, Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան եւ ընկերակիցները Պատրիարքարանի եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեցին՝ ուղեկցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Բաց աստի, Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի գլխաւորութեամբ անոնք այցելեցին նաեւ Պատրիարքարանի թանգարանը, ուր ունեցան վառ տպաւորութիւններ։
Հարկ է նշել, որ Անգլիոյ հայոց թեմէն ներս կարգ մը հաւատացեալներ պատրաստակամ գտնուած են իրենց զօրակցութիւնը ցուցաբերելու՝ երկրաշարժէն վնասուած մեր այս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն համար։ Ուստի, անոնց ներկայութիւնը հոգեւոր միասնականութեան տեսակէտէ շատ խորհրդանշական իմաստ մը ունի։ Մինչ այդ, վերանորոգեալ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագն ալ պիտի մատուցանէ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։