ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՏՈՑ. ՎԱՀԷ ԱԼԻՔՍԱՆԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ տոց. տքթ. Վահէ Ալիքսանեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր՝ մասնաւորապէս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն պատասխանատուներ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւս մասնակցեցաւ արարողութեան՝ հաշուի առնելով լուսահոգի բժիշկին կողմէ մատուցուած համայնքային ծառայութեան նշանակութիւնը եւ հայրաբար մխիթարեց այրին եւ ընտանեկան պարագաները։ Ներկայ էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ եւս խորազգած վշտակցութիւններ յայտնեց բժիշկի ընտանիքին եւ բոլոր պարագաներուն՝ մանաւանդ, որ անոր փեսան՝ Կարպիս Փոլատ հոգաբարձութեան անդամներէն է։

Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ շրջապատուած էր քահանայ հայրերու կողմէ։ Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին նաեւ կերոնակիրները։ Բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին հանգուցեալ բժիշկի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Արարողութեան աւարտին նորոգ հանգուցեալ Վահէ Ալիքսանեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2024