ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց տարուան վերջին տաղաւարը՝ Խաչվերացը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։ Ամէն տարի այս եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի տօնին կ՚իրականացուի տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն զուգահեռ՝ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական Խաչվերացի թափօրը եւ բացօթեայ անդաստանը, ինչ որ գագաթնակէտին հասցուց հոգեւոր հրճուանքը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հաւաքոյթին եւս նախագահեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըք եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ բոլոր ներկաները, որոնց շարքին կը գտնուէին նաեւ համայնքային վարիչներ։ Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընթացաւ սիրոյ սեղանը, որու շուրջ համախմբուածները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու հետ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2024