«ՄԱՀՈՒԱՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲ»
«Փափիրիւս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Մահուան նուագախումբ» խորագրեալ գիրքը, որու հեղինակն է Միհրան Շիկահեր։ Շաբաթավերջին «Հրանդ Տինք» հիմնարկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որ համախմբեց գրասէրներ։ Հաւաքոյթը վարեց Չիսեմ Պալքան։ Ներկայ էր նաեւ Պիւլենտ Ուլուս, որ գիրքի խմբագիրն է։ Ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ «Փափիրիւս» հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիր Ալփայ Պաթուր։
Միհրան Շիկահեր այս գիրքին համար մեկնակէտ ունեցած է շատ հետաքրքրական պատմութիւն մը, որ կը վերաբերի Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն Լըւիւ քաղաքի մէջ ապրուած ողբերգական իրադարձութիւններու։ Հեղինակը գիրքը ձօնած է Շերա Մունտին։ Չիսեմ Պալքանի գլխաւորութեամբ ատենախօսները այս գիրքի հրատարակութեան վերաբերեալ իրենց խոհերը բաժնեցին ներկայ գրասէրներուն հետ։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին Միհրան Շիկահեր ներկաներուն համար մակագրեց իր գիրքերը, մինչ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։