ՉԱՆՔԱՅԱ ԵՒ ՊԵՇԹԵՓԷ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ տեսակցեցաւ Փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պետրոս Շիրինօղլու երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր օրուան տեւողութեան կարեւոր շփումներ ունեցաւ՝ որպէս Թուրքիոյ հայկական վաքըֆներու միաւորման ղեկավար։ Շիրինօղլու Անգարայի մէջ այցելեց թէ՛ Չանքայայի ապարանքը եւ թէ Պեշթեփէի համալիրը։ Ան մէկտեղուեցաւ բարձրաստիճան դիւանակալներու հետ, որոնց նկատառման յանձնեց մեր հաւաքական կեանքի այժմու հիմնական հարցերը եւ անոնց լուծման վերաբերեալ ակնկալութիւները։
Չանքայայի ապարանքին մէջ Շիրինօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Հաքան Չավուշօղլուի հետ, որ կառավարութեան կազմէն ներս վաքըֆներու գծով փոխ-վարչապետն է։ Շուրջ ժամ մը տեւեց այս զրոյցը, որու ընթացքին ըստ էութեան քննարկուեցան համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններուն եւ անոնց կալուածներուն վերաբերեալ խնդիրներ։
Չանքայայի ապարանքէն վերջ Պետրոս Շիրինօղլու ուղեւորուեցաւ Պեշթեփէի համալիրը, ուր Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի պատկան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկեց մեր համայնքին վերաբերեալ նիւթեր։ Երեկոյեան, վերադարձի ճանապարհին, պատեհ զուգադիպութիւնով մը, Անգարայի «Էսենպողա» օդակայանի VIP դահլիճին մէջ Շիրինօղլու զրուցեց նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ։
Մայրաքաղաքի շփումներուն կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար ընդհանուր գիծերու մէջ ամփոփեց իր շփումները։ Առաջին առթիւ իրեն հարց տուինք պատրիարքական ընտրութեան մասին։ Ի պատասխան ան ըսաւ. «Պարոն փոխ-վարչապետին հետ մեր քննարկած առաջնահերթ հարցը պատրիարքական ընտրութիւնը չէր։ Անշուշտ, անդրադարձանք այս հարցին, սակայն ամփոփ ձեւով։ Պարոն փոխ-վարչապետը տեղեկացուց, որ Ներքին գործոց նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի այս հարցին շուրջ։ Օրուան տեւողութեան մեր ունեցած միւս շփումներուն ընթացքին ալ, ընդհանուր առմամբ, վերահասու դարձանք, որ մօտաւոր անցեալին Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ փոխանցուած մօտեցումներու լոյսին տակ Ներքին գործոց նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի։ Մեր զրուցակիցները ընդհանուր առմամբ այս փուլին բաւարարուեցան կրկնելով կուսակալութեան կողմէ վերջերս փոխանցուած մօտեցումները։ Մեր տպաւորութիւնը այն է, թէ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ քննարկումները, աշխատանքները ընթացքի մէջ են եւ մօտաւոր ապագային կրնան հասուննալ եւ ամէն ինչ կրնայ աւելի յստակ դառնալ։ Թէեւ այս պահուն ալ ամէն ինչ բաւականաչափ յստակ է, սակայն մեր համայնքէն ներս ընկալումները տարբեր ձեւով են»։
Պատասխանելով մեր յաջորդ հարցման՝ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ համայնքային հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու լուծումն ալ յաչս պետական մարմիններու ներկայիս կը դասուի հրատապ նիւթերու շարքին։ «Փոխ-վարչապետ Պարոն Չավուշօղլու յայտնեց, որ ինք տակաւին նոր կոչուած է պաշտօնի եւ տակաւին նոր հունի մէջ կը մտնէ՝ այս նիւթին վերաբերեալ աշխատանքներուն ընթացք տալու առումով։ Մեր համայնքին տեսակէտէ ամենացաւալին եւ խնդրայարոյցը այն է, որ չենք կրցած կանոնադրութեան հասարակաց, համատեղ նախագիծ մը ներկայացնել։ Պարոն Չավուշօղլու հանրապետութեան նախագահի վստահութեան արժանացած անձնաւորութիւն մըն է։ Ան մեզի բացատրեց իր սկզբունքային վերաբերմունքը, ըստ որու նման հարցերու մէջ պետութիւնը միշտ հաշուի կ՚առնէ համայնքի ներքին անդորրութիւնը եւ պատկան իշխանութիւններուն հետ ներդաշնակութիւնը։ Պէտք է խոստովանինք, որ մեր համայնքէն կարգ մը ծայրայեղ շրջանակներու կողմէ հնչեցուած մօտեցումները չեն սպրդիր պետութեան ուշադրութենէն եւ տակաւին մենք ոչինչ ըրած ենք՝ ընտրողներու կատարեալ ցուցակներ պատրաստելու համար։
«Պարոն փոխ-վարչապետը հետաքրքրուեցաւ նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի պարագային։ Նկատի ունենալով, որ տարեվերջին պիտի լրանայ մեր համայնքէն Թորոս Ալճանի պաշտօնավարութեան շրջանը՝ ի պատասխան իր հարցման, ես յիշեցուցի, որ փոքրամասնական համայնքները որդեգրած են հերթափոխութեան սկզբունքը եւ այդ հիման վրայ նոր ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ հրեայ համայնքէն դէմք մը։ Վերադարձի ճանապարհին Պարոն Ատնան Էրթէմի հետ ներկայացած զրոյցի հնարաւորութիւնն ալ օգտագործեցինք հերթական անգամ համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան խնդիրը արծարծելու նպատակով։ Պարոն ընդհանուր տնօրէնը մանրամասնօրէն տեղեակ է հարցի բոլոր ծալքերուն։ Իր արտայայտութիւններէն ունեցայ այն տպաւորութիւնը, թէ շահագրգիռ բոլոր մարմինները անկեղծօրէն կ՚աշխատին այս խնդրի լուծման համար եւ առայժմ սպասողական վիճակը կը շարունակուի», ըսաւ Շիրինօղլու։
Մայրաքաղաքէ վերադարձին մեր հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ՝ Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց, որ ընդհանրապէս չէ շօշափած այն խնդիրները, որոնց մասին նախապէս քննարկումներ ծաւալած են պատկան պաշտօնատարներուն հետ եւ ընդհանուր առմամբ տեղեակ է նախատեսուած ապագայ հաւանական կարգադրութիւններէն։ Նման նիւթերու շարքին ան թուարկեց համայնքային վարժարաններուն համար նախատեսուած պետական օժանդակութիւնը եւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ համար բաժին վիճակած հատուցման վերաբերեալ նիւթերը։
Անգարայի մէջ Պետրոս Շիրինօղլու հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման խնդիրը։ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը հետեւողական ու յամառ ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ։ «Մայրաքաղաքի հանդիպումներուն ընթացքին մենք դարձեալ մեր յարգարժան երկխօսներու նկատառման յանձնեցինք այս խնդիրը։ Պետական մարմիններուն կողմէ միշտ առանձնայատուկ վերաբերմունք եւ նախանձախնդրութիւն զգացած ենք մեր Ազգային հիւանդանոցին նկատմամբ։ Բոլորը հերթական անգամ հետաքրքրուեցան հիւանդանոցի երթով՝ կարեւորելով անոր կայուն երթն ու զարգացումը։ Մենք ալ, մեր հերթին, ընդգծեցինք՝ որ հանդիպակաց հողատարածքի խնդրի լուծման բոլոր վարկածները որեւէ ձեւով անպատեհութիւն պիտի չներկայացնեն պետութեան տեսակէտէ։ Հետեւաբար, այս գործընթացին երկարիլը խորքին մէջ կը ծառայէ միակ բանի մը՝ մեզի սիրտհատնում կը պատճառէ ու կը մաշեցնէ։ Ուրախ ենք, որ ըմբռնումով եւ հասկացողութիւնով ընկալուեցան մեր կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւնները», յայտնեց Պետրոս Շիրինօղլու։