ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ բացուեցաւ՝ Նոր տարուան առթիւ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը։ Ծնողաց միութեան կողմէ դպրոցին ի նպաստ ծրագիր մըն է այս մէկը, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Այցելուները հետաքրքրութեան առարկայ դարձուցին տօնական շրջանին բնորոշ աւանդական իրերը։

Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, նաեւ վարժարանի լիկէոնի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Եւա Օրագեան, Էլտա Գարակէօզեան եւ Քաթիա Վարկը եւս ներկայ գտնուեցան քէրմէսի բացման եւ ջերմօրէն շնորհաւորեցին ծնողաց միութիւնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022