ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ՄԸ՝ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մենթի-Մենթոր ծրագրի առաջին լսարանը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ, երեքշաբթի, յունուարի 15-ին։ Ծրագիրը կը հովանաւորէր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, իսկ կ՚ատենապետէր Արի Չոլաք։

Յուսադրիչ է, թէ սոյն արհեստի ծանօթացման ծրագրի անդրանիկ լսարանը կը խոստանայ, թէ նման ծրագիրներ պիտի բազմանան յառաջիկային։ Սոյն ծրագրի կազմակերպիչն է Մերի Թաքսի Տեւեճեան, իսկ ծրագրի ներկայացուցիչը՝ Ժպիտ Էօղէր։

Առաջին լսարանը կը կոչուէր «Ապագան դիտել», որ կատարուեցաւ մասնակիցները ներառնելու դրութեամբ (ինթերաքթիֆ) եւ առաջնորդութեամբ Տոց. Տքթ. Քոզէթ Աւանուսի, որուն մասնակցեցան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Արէտ Քըլլըօղլու, Մուրատ Տուվարճը եւ տեսականութեան մասնագէտ Սէրլի Սեդա Նշանեան։

Լսարանի ընթացքին մասնակիցները երիտասարդներուն փոխանցեցին իրենց փորձառութիւններն ու դժուարութիւնները, զորս ունեցած էին իրենց կրթական շրջանին։ Աշակերտներուն առընթեր, ուրախացուցիչ էր տեսնել ծնողներու եւ ուսուցիչներու մասնակցութիւնը լսարանին, որուն ընթացքին Ժպիտ Էօղէր հաղորդեց նաեւ, թէ լսարանները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկային։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ան նախ յայտնեց իր ուրախութիւնը սոյն ծրագրին ու մէկտեղման համար եւ շեշտեց, թէ երիտասարդներ պէտք չէ վախնան ապագայէն, որովհետեւ երէց առաջնորդները իրենց կողքին են։

Ապա առնուեցաւ խմբական լուսանկար մը, ուր յայտնի կը դառնար, թէ երիտասարդներ կարեւորութիւն կ՚ընծայէին ապագայի նկատմամբ ու պատրաստ էին զիրենք առաջնորդող բոլոր միջոցները գործածելու։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019