ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԴԻՄԷ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ Ա. ՇՐՋԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընտրական մարմինը երէկ երեկոյեան գումարեց իր հերթական ժողովը։ Ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու կապակցութեամբ ընտրական մարմնի մամլոյ բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին տեղեկացուց մանրամասնութիւններ։

Երէկուան երկարատեւ ժողովի ընթացքին ընտրական մարմինը մանրամասն քննարկումներ ծաւալեց Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէնութեան կատարուելիք գրաւոր դիմումի բովանդակութեան եւ անոր յարակից ներկայացուելիք ընտրական մարմնի որոշման շուրջ։ Աղերսագիրը եւ յարակից փաստաթուղթը ստորագրուեցան բոլոր անդամներուն կողմէ։ Կը նախատեսուի, որ դիմումը պաշտօնապէս այսօր, կէսօրուան ժամերուն ներկայացուի Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէնութեան։

Այս աղերսագրի պատկան մարմիններու կողմէ դրական գնահատման եւ վաւերացման զուգահեռ՝ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրական մարմինը յառաջիկայ ընտրական գործընթացին կապակցութեամբ պիտի սկսի աւելի թիրախաւորեալ աշխատանք ծաւալել։ Այսինքն, ընտրական գործընթացի փուլերը պիտի ուրուագծուին՝ կանոններու յստակացումով եւ յարակից այլ անհրաժեշտ աշխատանքներով։

Ընտրական մարմինը երէկուան ժողովէն վերջ տեղեկացուց, որ գործընթացի իւրաքանչիւր քայլափոխին պիտի իրազեկէ հանրային կարծիքը։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023