ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ հիւրընկալելով Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն խումբ մը։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ գլխաւորուած էր «Հրանդ Տինք» դպրոցի խումբը, որուն բացի աշակերտներէն մաս կազմեցին նաեւ՝ ուսուցչուհիներ Գայիանէ Ռեւազեան, Անահիտ Կարապետեան եւ Լիլիթ Պօղոսեան։ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ Կեդրոնականի կրթական մշակները, նաեւ սաները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին խումբը։
«Հրանդ Տինք» դպրոցի սաներուն տեսակէտէ մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի ներկայութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ անոնք եւս բաժին պիտի ստանձնեն Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբի մօտալուտ համերգին ժամանակ։
Կեդրոնականէն ներս, խոր աւանդութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ այս այցելութիւնը բոլորին տեսակէտէ եղաւ շատ հաճելի եւ օգտակար։
Աշակերտները գեղարուեստական կատարումներով հանդէս եկան, իսկ կրթական մշակները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ՝ մասնաւորապէս ընդգծելով, որ անոնց փոխադարձաբար աւելի ընկալելի դառնալու նախապայմանն է օտար լեզուներու ազդեցութենէն զերծ պահուիլը։