ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔԱՂԱՔԻՍ ՔԱՂԴԷԱՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՆՈՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Քաղդէացի կաթոլիկ համայնքը օժտուեցաւ նոր եպիսկոպոսով մը՝ յանձինն Մոնս. Սապրի Անարի, որուն ձեռնադրութեան արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Քաղդէացի Կաթոլիկներու Պատրիարք Կարտինալ Մար Ռաֆայէլ Լուիս Սաքօ։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ եւս մասնակցեցան արարողութեան։ Շուրջ 800 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ կատարուած արարողութեան նորոգ ձեռնադրեալ եպիսկոպոսը նշանակուեցաւ որպէս Տիարպաքըրի եպիսկոպոս։
Արարողութեանց աւարտին հիւրերը մեծարուեցան «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ սարքուած պաշտօնական ընթրիքով մը, որուն եւս մասնակցեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ օրհնեց սեղանը։
Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Աթոռին ուղղեալ հրաւէրին համար եւ շնորհաւորեց հիւր պատրիարքը եւ նորոգ ձեռնադրեալ Մոնս. Սապրի Եպիսկոպոսը, որուն յաջողութիւն մաղթեց իր հոգեւոր ծառայութեան մէջ։