ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Վարդավառի տօնը երէկ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Գնալը կղզիի բարձունքին ժողովուրդը համախմբուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ մեծ խրախճանք մը, որու ընթացքին հնչեց հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն, երիտասարդները շուրջպար բռնեցին։ Անշուշտ, բոլորը իրարու վրայ ջուր սրսկելով յարգեց աւանդութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2023