Չորեքշաբթի 20, Նոյեմբեր 2024
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ցաւակցութիւն յայտնեց Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած պայթումին համար։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ցաւակցական մը ուղարկեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։
Նորին Ամենապատուութիւնը Վեհափառ Հայրապետի նկատառման յանձնեց, որ այս կիրակի՝ օգոստոսի 21-ին, իր հանդիսապետութեամբ Իսթանպուլի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն մը պիտի կատարուի պայթումի զոհերուն հոգւոցն ի հանգիստ եւ նոյն առթիւ առ Աստուած աղօթք պիտի վերառաքուի՝ վիրաւորեալներու արագ ապաքինման համար։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2022