ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԸՆԹՐԻՔ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Գնալը կղզիի լողաւազանը, ուր հիւրընկալուեցաւ փրոֆ. տքթ. Էմրէ Պուչքինի գլխաւորած վարչութեան կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Ընթրիքի պատուոյ հիւրերն էին նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Կղզեաց գաւառապետ տքթ. Մուսթաֆա Այհան, ԱՔ կուսակցութեան Կղզեաց մասնաճիւղի նախագահ Սինա Շէն, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի ասորւոց առաջնորդ եւ Պատրիարքական փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտը։ Ներկայ էին նաեւ Թաքսիմ եւ «Քատիմսփոր» մարզակումբերու պատասխանատուները։
Բացման խօսք մը արտասանեց փրոֆ. տքթ. Էմրէ Պուչքին եւ յանուն վարչութեան անդամներուն ողջունեց ներկաները։ Ան յայտնեց, թէ անցեալ տարի Նաւասարդեան խաղերու նախօրեակին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ սարքուած էր սիրոյ սեղան մը։ Այս տարի փափաքած էին սոյն ընթրիքի սեղանը կրկնել՝ այս անգամ առաւել եւս ընդարձակելով։ Լողաւազանի վարչութեան համար ուրախութիւն էր տեսնել տարբեր համայնքներէ բարեկամներու եւ իրենց հոգեւոր առաջնորդներուն ներկայութիւնը։ Այս առթիւ ան մաղթեց, որ նման հանդիպում մը յաջորդ տարի եւս կրկնուի, առաւել եւս ընդարձակուելով։ Սիրոյ սեղանին բացման առթիւ աղօթք արտասանեցին նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Սրբազան մետրապոլիտը։ Ելոյթներ ունեցան նաեւ Այհանն ու Սվաճըօղուն։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց լողաւազանի վարչութեան եւ փրոֆ. տքթ. Էմրէ Պուչքինին ու կարողութիւն մաղթեց իր գործունէութեանց համար։