ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան այցելեց Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլին։ Սա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ քաղաքավարական այցելութիւն մըն էր՝ Տաւուտ Կիւլի կուսակալ նշանակման կապակցութեամբ։ Ան անցեալ յունիսի 5-ին կոչուած էր այս պաշտօնին եւ իր նշանակումէն ի վեր առաջին անգամ Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց նահանգապետարան։ Ընթացքին, քանի մը շաբաթ առաջ, կուսակալ Կիւլ Գումգաբու այցելած էր՝ ֆիլմի մը ներկայացման առթիւ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկուան զրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց Տաւուտ Կիւլը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։ Ան պաշտօնամուտին առթիւ կուսակալին նուիրեց նաեւ փայտակերտ պտղաման մը։ Իր կարգին, կուսակալը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար եւ տեղեկութիւններ քաղեց թրքահայ համայնքի վիճակին շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ամփոփ տեղեկութիւններ հաղորդեց համայնքային կեանքին մասին։
Նահանգապետարան այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։