ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին խնամակալները տեղեկացուցին, որ յաջորդ շաբթուայ մէջ Գարակէօզեանի համալիրէն ներս նախատեսուած է ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած է նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ դպրոցի կացութեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքի գործունէութեան շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ ընդառաջել իրեն ուղղուած հրաւէրին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021