ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հայրետտին Քարամանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Այսպէս, թաղականները յայտնեցին, որ դեկտեմբերի 2-ին նախատեսուած է եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը, ուստի այս այցելութեամբ եկած են խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը։ Թաղային խորհուրդի անդամները նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ ի նպաստ կատարուած աշխատանքներուն առընչութեամբ։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց թաղային խորհուրդին կողմէ արձանագրուած յաջողութեանց համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը թաղականներուն փոխանցեց հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց գործունէութեանց մէջ։