ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ
Մխիթարեան վարժարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ամանորեան աւանդական քէրմէսը, որ կազմակերպուած էր ծնողաց միութեան կողմէ։ Կաղանդուան շրջանի բնորոշ իրեղէններ եւ բազմաթիւ ձեռակերտ աշխատանքներ ներկայացուեցան քէրմէսի տաղաւարներուն վրայ։ Վարժարանի հանդիսասրահի երդիքին տակ այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Քէրմէսի այցելուներու շարքին էին Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որ տաղաւարներուն շրջայց մը կատարեց ուղեկցութեամբ՝ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Մագ. Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի, Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի եւ վարժարանի լիսէի, միջնակարգի ու նախարկրթարանի բաժնի տնօրէնուհիներուն՝ Եւա Օրագեանի, Էլտա Գարակէօզեանի եւ Քաթիա Վարկըի։ Բոլորն ալ շնորհաւորեցին ծնողաց միութեան անդամուհիները եւ բարձր գնահատեցին անոնց ջանքերը։
Քէրմէսի կազմակերպիչներու շարքին էին Էլիզապէթ Ճէմճէմ, Իլտա Թուրաչ, Թունիա Րէիզեան, Լուիզ Եասթանկաչքոլ, Նաթալի Կիւրպաքըր, Այլին Թաշճը, Քարին Պապահան, Ժպիտ Քէօսէ, Նաթալի Չերքեզօղլու, Ալին Սեֆերօղլու եւ Նատիա Աքմերճան։