ԱՐՓԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԸՆԹՐԻՔ
Համայնքային վարժարաններու այժմու կամ վաստակեալ խումբ մը տնօրէններ վերջերս ընթրիք մը կազմակերպեցին՝ ի պատիւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի։ Ծանօթ է, որ Արփի Մանուկեան բազմամեայ պաշտօնավարութենէն վերջ հերթը փոխանցած էր դպրոցի այժմու տնօրէնուհիին՝ Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսին։ Արփի Մանուկեանի հանգստեան կոչուելուն առթիւ իր պաշտօնակիցները այս մասնաւոր երեկոյթով իրենց գնահատանքը արտայայտեցին անոր վաստակին եւ որպէս կրթական մշակ՝ մատուցած ծառայութիւններուն նկատմամբ։ Ի յիշատակ ձեռնարկին Արփի Մանուկեանին համար պատրաստուած էր նաեւ յուշանուէր մը, զոր յանձնեց բազմավաստակ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան։
Ընթրիքի սեղանին շուրջ ջերմ զրոյցը շարունակուեցաւ երկար՝ մինչ արձակման պահուն բոլորը Արփի Մանուկեանին մաղթեցին ապագայ կեանքի յաջողութիւններ, նաեւ իրարու հետ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին Նոր տարուան ընդառաջ։