ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՔԷՐՄԷՍ

Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։ Զանազան թաղերէ համակիր այցելուներ համախմբուեցան Էսաեան վարժարանի սրահի երդիքին տակ, ուր զետեղուած էին տաղաւարները։ Այցելուները տաղաւարներուն շուրջ գտան ճաշակաւոր բազմաթիւ ձեռագործ իրեղէններ, որոնք դրուած էին իրենց տրամադրութեան տակ։ Քէրմէսի կազմակերպուած սրահը այցելեցին նաեւ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։ Քէրմէսի կազմակերպչական աշխատանքներուն ուղղութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնած էին հետեւեալ անունները.

Մարի Սարաճեան, Ֆիլոր Կազէր, Վարդուհի Ֆենտ, Անժէլ Այտէտէ, Պերճուհի Օվակիմ, Անի Պահարօղլու, Կիւլվարդ Պահարօղլու, Նազլը Պոզ, Զեքիյէ Տաշ, Սօնա Քէշիշեան, Կիւլիզար Ահպապ, Նատիա Զիւլէմեան, Պրիան Շիլէլեան, Սիւզան Պորա, Վարդանոյշ Տուրմազկիւլէր եւ Կիւնայ Մերմէր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018