ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՈՒՑ ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, զորս այս շրջանին կը դիմագրաւէ պոլսահայ մամուլը։ «Հայ մամուլը շատ տուժած է համավարակի շրջանին՝ հակառակ, որ շատ էական դեր մը ունի մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Պատրիարքարանի մեր համեստ հնարաւորութիւններով փորձեցինք այս շրջանին օգնել հայ մամուլին, սակայն, սա բաւարար չէ։ Եթէ մեր մամուլը չըլլայ, իրարմէ լուր չենք կրնար ունենալ։ Առանց մամուլի պատմութեան մէջ չենք կրնար հետք թողուլ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի համայնքային կառոյցները անպայման իրենց ազդերը տան մամուլին։

Իր արտայայտութիւններու տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը Մեսրոպեան տառերու վերաբերեալ զգայնութիւնները շեշտեց՝ դիտել տալով, որ այբուբենը մեր դրօշակն է։

«Ազգերը միայն հացով չեն ապրիր, նաեւ խորհրդանշաններով կ՚ապրին։ Մեր լեզուն՝ արեւմտահայերէնը մեռնելու վտանգի տակ է, բայց տակաւին կ՚ապրի։ Եթէ պիտի մեռնի, գերեզմանը պիտի ըլլայ մեր բերանը։ Յաճախ կ՚ըսուի, որ հայ մամուլին մէջ մանուկներու ուղղեալ ոչինչ կայ։ Մինչդեռ, այդպէս չէ։ Ես կը հետեւիմ, որ մեր մամուլը մասնաւոր էջեր կը պատրաստէ մանուկներու համար։ Հոգ չէ, թէ անոնք գունաւոր էջեր չեն։ Հոգելոյս Արա Կիւլէրի լուսանկարներն ալ գունաւոր չեն, սակայն անոնց ամբողջ արժէքը սեւ-սպիտակ ըլլալու հանգամանքին մէջ է։ Մեր մամուլի էջերն ալ այդպէս են։ Ուստի, մեր տուներէն ներս պէտք է ներկայ ըլլայ հայ թերթը։ Տղաքը սեղանին վրայ պէտք է տեսնեն հայերէն թերթը։ Առանց մեր մանուկները հայ մամուլին հետ կապելու՝ չենք կրնար հայերէնը ապրող լեզու մը դարձնել», ըսաւ Ամեն. Ս . Պատրիարք Հայրը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022