ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն Պերճ Քէօշէեանը, որ եղած է նախկին պոլսահայ մը։ Գերմանաբնակ հիւրին ընկերացաւ վաստակաւոր կրթական մշակ Նուարդ Էտիրնէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Պերճ Քէօշէեան յայտնեց, որ Իսթանպուլ այցելութիւնը պատեհ առիթ նկատած էր Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Անմիջական զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ունկնդրեց Պերճ Քէօշէեանի տպաւորութիւններուն եւ փոխանցած տեղեկութիւններուն։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Քէօշէեան ամուր պահած էր կապը իր ծննդավայրին հետ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց նաեւ Պերճ Քէօշէեանի տարած աշխատանքը՝ որպէս բարերար։ Նորին Ամենապատուութիւնը անոր յղեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024