ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դպրո­ցի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րու հան­դի­սա­վար­ներն էին Ա­լեք­սան Զա­րու­քի եւ Լու­սին Չաղ­լը։ Շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ եւ ու­սուց­չու­հի Մա­րի Ար­զու­ման։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցան Սէր­ճան Թաշ­քէօփ­րիւ­լիւ, Ա­րամ Նշան Քալք­թըք եւ Լա­րի­սա Քը­լը­ճէր։ Ներկայ էր նաեւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան։

Տղա­քը եւ ի­րենց ծնող­նե­րը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ հա­մախմ­բուած էին ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րու շուրջ։ Գոր­ծադ­րուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գիր եւ ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ։

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ հա­տուե­ցաւ կար­կան­դակ մը եւ գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­ժեշտ ա­ռին ի­րենց վար­ժա­րա­նէն։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016