ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Գում­գա­բուի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան փայ­լուն հան­դի­սու­թիւ­նով մը հրա­ժեշտ տուաւ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Ա­ւան­դա­կան հրա­ժեշ­տի ե­րե­կոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ, ուր ըն­թա­ցա­ւարտ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րու շուրջ։ Ներ­կայ էին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սե­ւան Կիւ­րիւն, տնօ­րէ­նու­հի Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան, ու­սուց­չա­կան կազ­մը եւ այլ հիւ­րեր։

Մայր վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը մէկ կող­մէ կ՚ապ­րէին հրա­ժեշ­տի յու­զու­մը, իսկ միւս կող­մէ՝ կրթա­կան կեան­քէ ներս նոր հանգ­րուան մը ող­ջու­նե­լու ե­ռան­դը։ Այս զգա­ցում­նե­րով ա­նոնք ե­րէ­կուան հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը եւ այլ յու­շա­նուէր­ներ։ Ձեռ­նար­կի յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան զու­գա­հեռ տղա­քը տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեան մէջ էին։ Ի­րենց հա­մար կտրուած կար­կան­դա­կով յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը վեր­ջա­ցաւ եւ ա­նոնք շա­րու­նա­կե­ցին հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­նալ ի­րա­րու հետ ու վստա­հա­բար այդ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­պա­գա­յին պի­տի բնո­րո­շեն Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց յու­շե­րը։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016