ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հրա­ժեշտ տուաւ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի այս տարուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, ու­սուց­չու­հի Լի­զա Չա­քա­րօղ­լու, Ծնո­ղաց միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան եւ Սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ Քա­րա­քուշ։

Ներ­կայ էին Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն բազ­մա­թիւ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ ծնող­ներ, ո­րոնք ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ հե­տե­ւե­ցան յայ­տագ­րին։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ հա­տուե­ցաւ կար­կան­դակ մը, մինչ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­ժեշտ տուաւ ա­նոնց՝ ա­պա­գա­յի հա­մար յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թան­քով։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016