ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Շիշլի մարզակումբի 42-րդ ընդհանուր ժողովը երէկ գումարուեցաւ՝ քորոնաժահրի սահմանափակումներուն հետեւանքով տարուան մը յապաղումով։ Ակումբի հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած համագումարի ընթացքին դիւանին մաս կազմեցին՝ Հայկարամ Գարասու (ատենապետ), Սինայիր Եըլտըզ (փոխ-ատենապետ), Թամար Գարասու (ատենադպրուհի) եւ Տիանա Ալթուն (փոխ-ատենադպրուհի)։ Ակումբի վարչութեան եւ այլ մարմիններու՝ անցեալ շրջանի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագրերու ընթերցումէն եւ վաւերացումէն վերջ ձեռնարկուեցաւ նոր վարչութեան ընտրութեան։ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները քուէարկութեամբ ընտրեցին ակումբի 42-րդ շրջանի վարչութիւնը, որ կը բաղկանայ ինն անդամէ եւ հինգ պահեստիէ։ Արդէն ձեւաւորուած է նաեւ նորընտիր վարչութեան դիւանը։ Այսպէս, Շիշլիի վարչութիւնը պիտի շարունակէ գլխաւորել ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, որ վերջին տարիներուն իր ընկերներուն հետ նոր շունչ մը բերած է ակումբին։ Վարչութեան միւս անդամներն են՝ Արթօ Փեհլիվանեան (փոխ-ատենապետ), Տիանա Ալթուն (ատենադպրուհի), Զարեհ Քարաքաշ (ատենապետի խորհրդական) Արեգ Տոլար (հաշուապահ), Սարվէն Չաքմաք, Ճուլիա Այսելի, Սեւան Քըլըչեան եւ Վարդան Պալմումճեան։ Պահեստի անդամներն են՝ Սելին Կէզէրօղլու, Սեւան Շահինկէօզ, Արէտ Մկրտիչօղլու, Ճան Տուրասլան եւ Գարին Էօճալ։ Բաց աստի, պաշտօնի կոչուած է նաեւ վարչութեան համար աջակից խումբ մը, որուն մաս կը կազմեն՝ Պերֆին Տեմիրճեան, Ժիլտա Պալ եւ Սօնա Ճերմակեան։

Շիշլի մարզակումբը թրքահայ կեանքէ ներս կարեւոր կառոյց մըն է, որ զանազան ծրագրերով կը յաջողի համախմբել նոր սերունդը։ Թէեւ երիտասարդներու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները համատարած գնահատանքի կ՚արժանանան, սակայն վերջին տարիներուն մարզակումբը նիւթական գետնի վրայ լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021