ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ճանապարհին երէկ առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը եւս։ Այսպէս, կազմուեցաւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը, որ իր անդրանիկ նիստը գումարելէ ու դիւանը կազմելէ վերջ շփումներ պիտի մշակէ պատկան իշխանութիւններուն հետ։ Սա հիմնական գրաւականներէն մին է, որպէսզի գործնական գետնի վրայ ա՛լ աւելի թափ ստանան պատրիարքական ընտրութեան աշխատանքները։

Երէկ յետմիջօրէին, պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութեան, որուն մասնակցեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ու միւս ժողովական հայրերը, նաեւ թրքահայ հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։ Ժողովը սկսաւ աղօթքով, որմէ վերջ վերյիշուեցաւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան։ Ապա կազմուեցաւ ժողովի դիւանը։ Ատենապետի պաշտօնը վստահուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանին, իսկ ատենադպրի պաշտօնը՝ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանին։ Քուէախոյզի պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդէն Կարօ Պաղտատ։ Խորհրդակցութեան ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ժողովի բացման հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան ընդգծեց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը սկիզբ առած է եւ Նախաձեռնարկ մարմնի կազմուիլը այս ամբողջին մէջ կարեւոր փուլ մը կը բնորոշէ։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ գործընթացը յառաջ կը տարուի ըստ Հանրապետական շրջանի նախընթացներուն եւ 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեան ոգիին ու տարրին համապատասխան ձեւով։ Ան մաղթեց, որ ամբողջ համայնքին տեսակէտէ կատարուի առողջ ընտրութիւն մը։ Նորին սրբազնութիւնը էապէս կարեւորեց թաղերու ընտրացուցակներու արդիականացումն ու թարմացումը։ «Մեր աղօթքն է, որ այս կարեւոր գործը ի կատար ածուի», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։

Աւելի վերջ խօսք առին զանազան ժողովականներ, որոնք օրակարգի վրայ բերին իրենց հարցադրումները եւ հետաքրքրութեան առարկայ հանգամանքները։ Այս ամբողջին մէջ բոլորը սկզբունքօրէն կարեւորեցին, որ Նախաձեռնարկ մարմինը կազմակերպչական աշխատանքները պէտք է իրականացնէ անկողմնակալ եւ առարկայական մօտեցումով։

Ելոյթներէն վերջ մեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ առաջարկուեցան թեկնածու անուններ եւ այդ ցուցակի հիման վրայ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն։ Այսպէսով կազմուեցաւ Նախաձեռնարկ մարմինը մեր աշխարհական վարիչներու եւ հոգեւոր հայրերու համատեղ աշխատանքով։ Տեղապահ սրբազան հօր նշանակումով Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանն ու Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանն ալ ներգրաւուեցան կազմին մէջ։

Յարակից սիւնակին մէջ ներկայացուած է Պատրիարքարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցը՝ Նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան մասին։

ԳՐԻԳՈՐ ՏԷՕՇԷՄԷՃԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ԿԱԶՄԷՆ

Նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան զուգահեռ՝ երէկ, Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցէն վերջ, երեկոյեան ժամերուն արդէն կազմին մէջ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, մեր ծանօթ ազգայիններէն, փորձառու համայնքային գործիչ Գրիգոր Տէօշէմէճեան տեղեկացուց, որ որոշած է զերծ մնալ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ։

Երէկ երեկոյեան ժամերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Գրիգոր Տէօշէմէճեանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ առանց իր վերջնական հաւանութեան անունը ընդգրկուած է Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներու թեկնածուներու ցուցակին մէջ։ «Թէեւ բոլորին շնորհակալ եմ անձիս նկատմամբ ցուցաբեր-ւած վստահութեան համար, սակայն ներկայ փուլին պատրաստակամ չեմ նման պատասխանատու պաշտօն մը ստանձնելու։ Այս պարագան տեղեկացուցած եմ նաեւ տեղապահ սրբազան հօր», յայտնեց Գրիգոր Տէօշէմէճեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019