ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ, երէկ, Գնալը կղզիի մէջ սկսաւ «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» մարմնամարզական փառատօնը, որ կը գլխաւորէր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Ռաֆֆի Քայքը։ Փառատօնը կազմակերպուեցաւ Ներսէսեան դպրաց դասու, Կազդուրման կայանի եւ Շիշլի մարզակումբի համագործակցութեամբ։

Հանդիսութեան սկիզբին կազմուեցաւ թափօր մը՝ խաղերու մասնակից մանուկներու եւ անոնց ծնողներու, ինչպէս նաեւ Կազդուրման կայանի, Շիշլի մարզակումբի վարիչներու եւ մարզիկներու ներկայութեամբ։ Կազդուրման կայանէն դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի ուղղուեցաւ թափօրը, որուն կ՚ընկերանար Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեանի առաջնորդած նուագախումբը։ Այս հանդիսաւոր պահուն ճրագներ եւս լոյս սփռեցին իրենց շրջակայքը։ Այնուհետեւ թափօրը դանդաղ քայլերով հասաւ եկեղեցի եւ զանգակներու ղօղանջին տակ համախմբուեցան եկեղեցւոյ զանգակատան մօտ։ Տեղւոյն վրայ խումբին միացաւ նաեւ Կղեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ եւ Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներ։

Յաջորդիւ տեղի ունեցաւ աղօթասացութիւն։ Ներկաներ հայր սուրբի առաջնորդութեամբ միաբերան աղօթեցին Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հոգւոյն խաղաղութեան համար։ Ներկաներուն մեծագոյն փափաքն էր, որ Աստուած անսասան պահէ այն բոլոր հաստատութիւնները, որոնց հովանիին ներքեւ հայեցի մթնոլորտով զուարճանալու առիթը կը գտնուի։

Աւելի վերջ խրախճանքի թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրը։

Ապա, տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի մրցում մը, որ հանդիսութեան ամենահետաքրքրական պահերէն մին դարձաւ։

Այնուհետեւ, ունկնդիրներ մեծ հետա-քըրքրութեամբ ու ծափողջոյններով հետեւեցան Շիշլի մարզակումբի երէց ու կրտսեր մարզիկներու խաղին։

Հարկ է նշել թէ, խաղերը պիտի աւարտին այս ուրբաթ՝ 21 յուլիսին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2023