ԳՆԱԼԸԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ

Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուի «Մենք երգենք, մենք պարենք» երիտասարդական համերգաշարը, որ կեանքի կը կոչուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ։ Կղզիի բարձունքին երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հերթական համերգը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս այս անգամ հանդէս եկան դաշնակահար Շանթ Էսմէր եւ ջութակահար Սարին Նեւրուզ։ Երեկոյթը պատուեց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Երիտասարդ արուեստագէտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող կատարումներով։ Երեկոյթի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ անոնց յանձնեց յուշանուէրներ։

Համերգաշարի ծրագիրը յառաջ կը տարուի Սեւան Աթաօղլուի եւ Արի Հերկելի ջանքերով եւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի խրախուսանքով։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022