ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ երեկոյեան, Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն։ Երեկոյթին ներկայ էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որու կողքին էին Գարեգին Պարսամեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, «Մենք երգ ենք» ծրագրի կազմակերպիչներէն Սեւան Աթաօղլու եւ երաժշտական խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեան։ Ներկայ էին նաեւ Ճիսլէն Քուրպանի գլխաւորած եկեղեցւոյ վարչութեան անդամները եւ կղզեբնակ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամներէն Եասմին Իրիս Եաղլըեան, որ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի հիւրընկալութեամբ կատարուած հանդիսութեան առթիւ ողջոյններ փոխանցեց ներկաներուն։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, թէ Մեծ կղզին կը հիւրընկալէ մշակութային ձեռնարկ մը, որ ձօնուած է Ս. Աստուածածնայ տօնին։

Ձեռնարկի ընթացքին  կարգաւ բեմ բարձրացան Միքայէլ Էքմեքճի եւ Լիլիան Աւիթօղլու, որոնք դաշնամուրով ներկայացուցին դասական երաժշտութենէ եւ ժողովրդական երգերէ օրինակներ։ Ապա, Լոռի Սիւզմէ նուագեց «Ծաղկած բալենի» երգը։ Յաջորդաբար, Նորա Իփեքճի եւ Նայիրա Այտըն թէ՛ նուագեցին դաշնամուրով եւ թէ երգեցին հայերէն ժողովրդական երգեր։ Վերջաւորութեան դաշնամուրային ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան։

Երիտասարդներ լաւագոյնս ներկայացուցին դասական ու ժողովրդական երգեր եւ արժանացան բոլորի գնահատանքին։ Սա ապացոյց է, թէ մեր համայնքին մէջ կան երիտասարդներ, որոնք թէ՛ կրթական մարզէ ներս կ՚ընթանան յաջողութեամբ եւ թէ մշակութային իմաստով կը զարգացնեն իրենք զիրենք։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ յայտնեց, թէ Մեծ կղզիի մէջ իրականացած այս հանդիսութիւնը աննախընթաց է։ Ան այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը փոխանցեց կղզեբնակ երաժշտասէրներուն։ Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մեծ կղզիի եկեղեցւոյ վարչութեան եւ այն անձերուն, որոնք ներդրում ունեցան Ս. Աստուածածնայ տօնին ընծայուած ձեռնարկի իրականացման։

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2023