ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Յետվերանորոգման աշխատանքներուն, սա այս եկեղեցւոյ առաջին տարեկան անուան տօնախմբութիւնն էր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան առընթերակայ էին Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որ համախմբեց հոծ թիւով ներկաներ։ Բացօթեայ աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըք հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Յետմիջօրէին ալ տեղի ունեցաւ Խաչվերացի հանդիսաւոր անդաստան։