ՅԱՐԱՏԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը շաբաթավերջի գլխաւոր իրադարձութիւնն էր համայնքային կեանքէ ներս։ Թէեւ առկայ դժուարին պայմաններուն հետեւանքով խնամակալութեան կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը հնարաւոր չեղաւ լրիւ ամբողջացնել, սակայն այս հաստատութիւնը հերթական անգամ ամուր աջակցութեան մը առարկայ դարձաւ։ Համայնքային շրջանակները ապացուցանեցին, որ բարձր կը գնահատեն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի առանձնայատուկ առաքելութիւնը՝ թրքահայ կրթական համակարգէն ներս։

Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ արդէն մեծ եռուզեռ մը ապրուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։

Ի ժամ Ս. Պատարագի օրուան պատգամը տուաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Յաւարտ արարողութեան կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադիրները, տեսուչները, կրթական մշակները, սատարողներն ու սաները, որոնք անդարձ բաժնուած են։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Հաստատութեան արդի վիճակով վերահաստատման 65-ամեակին ձօնուած աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Սիրոյ  սեղանին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, զանազան սերունդներէ դպրեվանքցիներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Պէշկիթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու։ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Թաթիա Մարաշլեանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Թորոս Ալճան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Ժանէթ Աւետիքօղլու, որոնք բացատրութիւններ տուին հաստատութեան ներկայ ընդհանուր վիճակին եւ ծաւալած գործունէութեան շուրջ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան Ս. Խաչ դպրեվանքի սաները։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան խմբերգներով՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Սէրտա Քեպապճըի մականին ներքեւ։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։

               

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017