ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊԵԱԼ ԱՂՕԹԱՏՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ մէկուկէս տարիէ ի վեր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն ներս հիմնական վերանորոգութեան ու բարեկարգման աշխատանքներ կը կատարուէին։ Այդ բոլորէն վերջ, երէկ ի վերջոյ վերստին ղօղանջեցին այս եկեղեցւոյ զանգերը, ինչ որ ազդարարեց պայծառակերպեալ այս կոթողային աղօթատան պաշտամունքի վերաբացուած ըլլալը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին մեր համայնքի հաւատացեալներուն տեսակէտէ այնքան սրտամօտիկ սրբավայր մըն է՝ մանաւանդ, որ անոր անմիջական շրջափակին մէջ կը գտնուին երանաշնորհ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի շիրիմը, որն ալ, իր հերթին, դարձած է ուխտավայր մը։

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի միջոցներով կեանքի կոչուած է վերանորոգութեան այս հսկայական ծրագիրը։ Այսպէսով, Թոքաթլեան խանէն եւ Էսաեան վարժարանէն վերջ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնով՝ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը ի կատած ածեց իր խնամքին յանձնուած առանցքային բոլոր կառոյցներու ֆիզիքական կատարելագործման ծրագիրները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ վերանորոգութեան շրջանին քանիցս այցելած էր տեղւոյն վրայ աշխատանքներու ընթացքը դիտարկելու եւ ցուցմունքներ ընելու համար, երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց հոգեւոր մեծ հրճուանքի մթնոլորտին մէջ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ հայրեր։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ ատենապետ Սիմոն Չեքէմի կողմէ գլխաւորուած Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամները, Էսաեան վարժարանի տնօրէնները, ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներ, ինչպէս նաեւ յայտնի նկարիչ Էրոլ Սարաֆեան, որ իր ծով փորձառութեամբ լուրջ վաստակ մը ներդրած էր վերանորոգութեան նախագծին զուգահեռ՝ եկեղեցւոյ սրբանկարներու խնամքին համար։

Օծման արարողութիւնը սկսաւ «Բաց մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ, որով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հոգեւորականաց դասը մուտք գործեցին տաճար, ուր «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ վերաբերուեցաւ միւռոնաթափ աղաւնին։ Նորին Ամենապատուութիւնը սրբալոյս միւռոնով օծեց աւագ խորանի սեղանը, յարակից բոլոր սեղաններն ու մկրտարանը։ Օծումէն վերջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան կանոնական ժամերգութիւն։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին նախ անդրադարձաւ այս եկեղեցւոյ փայլուն անցեալին եւ անոր պատմական նշանակութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւալի նկատեց, որ Գումգաբուի նման Պէյօղլուի մէջ ալ նօսրացած է հայ բնակչութիւնը։ Բայց, անոնց կոթողային սրբավայրերը կը մնան կանգուն։ Ան նշեց, որ նման վերանորոգութեան մեծ ծրագրեր, ընդհանրապէս, հովանաւորներու աջակցութեամբ կեանքի կը կոչուին։ Բայց, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին բարենորոգուած է Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի միջոցներով։ Ուստի, ան շնորհաւորութիւններ յղեց Սիմոն Չեքէմի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդին։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ ինք այս եկեղեցւոյ մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր։ Յետվերանորոգութեան, վաղուան անդրանիկ Ս. Պատարագով ալ նոր շրջան մը պիտի սկսի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնաւոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ յայտնի նկարիչ Էրոլ Սարաֆեանի բծախնդիր աշխատանքով ապահովուած նպաստին շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզի տեւողութեան միշտ բարձր գնահատանքով ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ ատենապետ Սիմոն Չեքէմի գլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալւած բազմակողմանի գործունէութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը առանձնապէս ընդգծեց այն ոգին, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ Սիմոն Չեքէմի այն բանաձեւումին մէջ, թէ այս եկեղեցին ամբողջ համայնքին կը պատկանի։ Ուստի, ան ընդգծեց, որ կը խրախուսէ այդ ոգին ու մօտեցումը, որոնցմով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը օժանդակութիւններ ալ կը կատարէ ամբողջ համայնքին համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ ընդգծեց նաեւ, որ թաղային խորհուրդը խոստացած է համայնքին ի նպաստ օժանդակութիւնները աւելցնել։ «Այլեւս կ՚ուզեմ հաղորդել, որ մեր հաւաքական կեանքէն ներս նոր շրջան մը պիտի սկսի», դիտել տուաւ քարոզիչ Պատրիարք Հայրը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղանով մը մեծարուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որուն առ ի երախտագիտութիւն յուշապնակ մըն ալ յանձնուեցաւ Սիմոն Չեքէմի ձեռամբ։ Ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին հոգեւոր հայրերն ու արարողութեան սահմանափակ թիւով մասնակիցներ՝ համաճարակի պատճառով։

Շաբաթ, Փետրուար 19, 2022