ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թեան եւ Քէր­մէ­սի յանձ­նա­խում­բի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ թա­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քէր­մէս մը, որ ա­ռար­կայ դար­ձաւ ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Ս. Զատ­կի սե­մին կազ­մա­կեր­պուած այս քէր­մէ­սի այ­ցե­լու­նե­րուն տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուե­ցան բազ­մա­թիւ ճա­շա­կա­ւոր ի­րե­ղէն­ներ, ո­րոնք սպա­ռուե­ցան զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած այ­ցե­լու­նե­րուն եւ հա­մա­կիր­նե­րուն կող­մէ։ Քէր­մէ­սի բաց­ման սրա­հը պա­տուեց նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ ե­րէկ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­գա­հեց վեր­ջին Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թեան։ Տա­ղա­ւար­նե­րը շրջե­լու ժա­մա­նակ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ու­ղեկ­ցե­ցան Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Որ­դիք Մկրտիչ Փա­փա­զեան եւ տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը գնա­հա­տեց կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քը։

Ծնո­ղաց միու­թեան եւ Քէր­մէ­սի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի հա­մա­տեղ կազ­մին մէջ կը գտնուին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան, Սե­դա Պէ­շիկ­թաշ­լեան, Պրի­ժիտ Իս­քէն­տէ­րօղ­լու, Սի­րա­նոյշ Թո­մուր­ճուք, Է­լիզ Աշ­ճը, Ան­նա Սա­րըօղ­լու, Շի­լա Մի­նաս, Լո­ռէ Օք­թայ, Լու­սի Չը­նար, Սիլ­վա Քը­րա­լըմ, Լե­տա Խրի­մեան, Դա­լար Տօ­նէր, Այ­լին Սան­դա­լու, Լին­տա Աշ­ճը, Հայ­րի­յէ Փէք, Նա­թա­լի Օք­թայ, Թա­նիա Պալ­ճը, Ժիւ­լիէթ Տէօ­նէր, Լի­զա Թուր, Մա­թիլ­տա Սու­լուօղ­լու, Ի­զա­պէլ Պուլ­մուշ, Սուլ­թան Ու­լուաք, Նաժ­տա Ֆոս­քո­լօ, Լու­սին Քը­յը­ճը, Նուարդ Խա­չե­րես­թունչ, Շա­քէ Սիմ­քէ­շեան, Ա­լիս Մատ­ղա­շեան, Այ­տա Տի­տո­նեան եւ Սիւ­զան Չե­լիք­թոփ։ 

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016