ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին փայլուն արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի հիմնադրութեան 182-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէ ելքի յիշատակը նշուեցաւ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ նշուեցաւ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի «Զուարթնոց» Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։
Հանդիսադիր սրբազան հայրը ի ժամ Ս. Պատարագի տուաւ օրուան պատգամը։ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզին մէջ կանգ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցած կարեւորութեան վրայ։ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առթիւ քարոզիչ սրբազան հայրը արեւշատութիւն մաղթեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ նաեւ պատրիարքական ընտրութեան շուրջ եւ բոլորին յորդորեց նախընտրական գործընթացին մէջ խուսափիլ վիրաւորական արտայայտութիւններէ կամ ելոյթներէ՝ մանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ։
Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնին առթիւ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ աւանդական մատաղօրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ աշխարհիկ հաւաքոյթին եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էր պատարագիչ տէր հայրը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սիրոյ սեղանի բոլոր մասնակիցները։ Եդուարդ Այվազեան ելոյթ մը ունենալով անդարդարձաւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Նորին Սրբազնութեան խօսքով եւ աղօթքով։