ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՆԵՐՍ ԱՐԷՏ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ ԴԻՐՔԻ ՎՐԱՅ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի արդիւնաբերական արտադրանքի ընկերութիւնները միշտ պատնէշի վրայ կը մնան Թուրքիոյ գործարար աշխարհէն ներս։ Այսպէս, վերջերս հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մեծագոյն հինգ հարիւր ճարտարարուեստի ընկերութիւններու ցուցակը, որու վրայ կը գտնուին Երկանեանի երկու ընկերութիւնները։ Ցանկի առաջին երեք հարիւր ընկերութիւններու շարքին են՝ «ԱՔԱ օթօմոթիւ» եւ «Նուրսան» ելեկտրաթելի ընկերութիւնները, որոնք կը գործեն «Նուրսանլար» հոլտինկի հովանոցին ներքեւ։ Արէտ Երկանեան այդ հոլտինկի հիմնադիրներէն ու հիմնական բաժնետէրերէն մին է։ «Նուրսանլար»ի հովանոցին ներքեւ գործող ընկերութիւնները տասնամեակներէ ի վեր կայուն ձեւով տեղ կը զբաղեցնեն նման ցուցակներու վրայ։ Գործարար աշխարհէ ներս այս կառոյցը միշտ բարձր կը գնահատուի, մեծ վարկ կը վայելէ՝ մեր երկրի արդիւնաբերութեան ապահոված լուրջ նպաստով։ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն առընթեր, այս հոլտինկը գործարաններ ունի նաեւ արտասահմանի մէջ՝ իր բազմակողմանի գործունէութիւնը դրած ըլլալով միջազգային հարթութեան վրայ։ Հազարաւոր ընտանիքներու ապրուստին տեսակէտէ մեծ նշանակութիւն ունի այդ վիթխարի արտադրական ցանցը։

Մօտաւոր անցեալին «Նուրսանլար» հոլտինկը նշած էր իր հիմնադրութեան յոբելեանը եւ այդ առթիւ հպապարակուած էին տուեալներ, ըստ որոնց այդ ընկերութիւններու խմբաւորումը ուղեւորութիւնը կը շարունակէ հսկայական ծրագրերով եւ այս նոր շրջանին Արէտ Երկանեան կը վայելէ անմիջական աջակցութիւնը իր սիրեցեալ դստեր՝ Շէյտա Նանեանի։

Արէտ Երկանեանի հոլտինկին արձանագրած այս յաջողութիւնները պատուաբեր են մեր համայնքին տեսակէտէ, նաեւ հպարտութեան առիթ։ Արդարեւ, մեր համայնքին մէջ նուազ չեն այն դէմքերը, որոնք գործարար աշխարհէ ներս կամ ընդհանրապէս գործի կեանքի մէջ կը հասնին փայլուն յաջողութիւններու։ Դժբախտաբար, սակայն, անոնց մեծամասնութիւնը մեր համայնքային կեանքին, նախ եւ առաջ իրենց իսկ հարազատ համայնքին նկատմամբ յաճախ կը մնայ անտարբեր։ Այս առումով Արէտ Երկանեան բացառութիւններու շարքին է եւ իր գործարար աշխարհէ ներս ունեցած դիրքը, արձանագրած յաջողութիւնները ունին առանձնայատուկ նշանակութիւն։ Ան տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքի մղիչ ուժերէն մին է՝ որպէս բարերար։ Զօրակցութեան առարկայ կը դարձնէ մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները, կը հովանաւորէ ընկերամշակութային բազմաբնոյթ ծրագրեր՝ միշտ իր ազնուաշուք կողակցին՝ Մոնիք Երկանեանի հետ։ Մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ, վստահաբար, Երկանեան ամոլը ունի իրեն վերապահուած երախտագիտութեան յատուկ բաժին մը։ Առ ի գնահատանք ու վարձատրութիւն այդ անփոխարինելի նպաստին՝ Երկանեան պարգեւատրուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով։ Ան եղած է մեր համայնքէն ներս այդ պատուին արժանացած առաջին բարերարը։ Ուստի, գործարար աշխարհէ ներս Արէտ Երկանեանի արձանագրած յաջողութիւնները միշտ ողջունելի են մեր համայնքային շրջանակներուն տեսակէտէ։

Այս առթիւ ի սրտէ կը շնորհաւորենք ազգային բարերար Արէտ Երկանեանը, որուն կը մաղթենք յարատեւ վերելք ու նորանոր նուաճումներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017