CHP-Ի ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԴԵՍՊԱՆ ԻՒՆԱԼ ՉԵՒԻՔԷՕԶ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու CHP-ի կողմէ Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզը։ Ան քաղաքիս Բ. ընտրաշրջանէն կը ներկայանայ երեսփոխանի թեկնածու՝ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն համար։ Իւնալ Չեւիքէօզ թրքական դիւանագիտութեան յայտնի դէմքերէն մին է։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս զբաղեցուցած կարեւոր պաշտօններուն առընթեր, աշխարհի շարք մը յառաջատար մայրաքաղաքներէն ներս ներկայացուցած է Թուրքիան։ Իր ծաւալած աշխատանքի ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնցման ուղղութեամբ տարած աշխատանքը։ Արդարեւ, Իւնալ Չեւիքէօզ Ցիւրիխի մէջ երկու երկիրներու միջեւ ստորագ-րըւած արձանագրութիւններու նախապատրաստութեան համար վար-ւած բանակցութիւններու առանցքային դերակատարներէն մին է։ Ան դիւանագէտ մըն է, որ անկեղծ հաւատք կը տածէ հայ-թրքական բարեկամութեան նկատմամբ։

Երէկուան մեր հաճելի զրոյցին ընթացքին Իւնալ Չեւիքէօզ թէեւ մատնանշեց մեր ունեցած վաղեմի ծանօթութիւնը, սակայն յայտնեց, որ այս փուլին բոլորովին տարբեր գլխարկով մը կը ներկայանայ։ Ըստ Չեւիքէօզի, իր առաջադրուած ընտրաշրջանի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մին այն է, որ փոքրամասնութիւնները ունին լուրջ ներկայութիւն։ Այս պատճառով ան ցայսօր փոքրամասնութիւններու համայնքային շրջանակներուն հետ շփուած է հնարաւորինս սերտ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ զգացած է ընտրողներուն անկեղծութիւնը եւ ջերմ հանդիպումներ ունեցած է անոնց հետ։

Իւնալ Չեւիքէօզ ընդգծեց, որ ներկայ փուլին փափաքած է քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը՝ գիտակցելով, թէ ան մեր համայնքային կեանքի ազդու լծակներէն մին է։ Մնաց որ, իր կուսակցութեան՝ CHP-ի որդեգրած զգայնութիւններու շարքին կարեւոր է մշակութային զանազանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը։ Իւնալ Չեւիքէօզ նշեց, որ իր դիւանագիտական գործունէութեան անցեալը թէեւ ուղղակիօրէն կապ չունի երեսփոխանական թեկնածութեան հետ, սակայն ինք շատ վաստակ ներդրած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար եւ ապագային ալ եթէ հնարաւորութիւն ըլլայ, նոյն ուղղութեամբ պիտի աշխատի խորհրդարանի երդիքին տակ։

Հանդիպման ընթացքին Չեւիքէօզ շեշտեց, որ Թուրքիա հասած է կարեւոր ճամբաբաժանի մը։ Ներկայ խաչմերուկը կը բնորոշէ փոփոխութեան շրջան մը։ Փոփոխութիւններու ակնկալութիւնը մեծ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ իր կուսակցութեան, որ երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժն է։ Այս ամբողջին մէջ ան գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ CHP-ի կողմէ Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Մուհարրէմ Ինճէի վայելած ժողովրդականութեան կապակցութեամբ։

Իւնալ Չեւիքէօզ մտահոգութեամբ մատնանշեց, որ երկրէն ներս բեւեռացումներու միջավայր մը ստեղծուած է։ Սա անպայման պէտք է յաղթահարուի, ինչ որ միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ նախապայման մըն է երկրի մարդուժի հարստութիւնը, հասարակութեան զանազանութիւնները եւ մշակութային ճոխութիւնը արժեւորելու տեսակէտէ։ Այս մօտեցումը ներկայ փուլին CHP-ի կողմէ որդեգրուած առաջնահերթութիւններուն մէջ ունի մասնաւոր տեղ։

Իւնալ Չեւիքէօզ ընդգծեց, որ իր առաջադրուած՝ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանը կ՚ընդգրկէ քաղաքի 12 գաւառակները։ Այնտեղ կ՚ապրին հասարակութեան թէ՛ բարեկեցիկ եւ թէ բաւական համեստ խաւերէն մարդիկ։ Չեւիքէօզ շատ կարեւոր համարած է այս ընտրութիւններու սեմին ամենահամեստ շրջաններու ժողովուրդին հետ շփուիլը։ Արդարեւ, այդ 12 գաւառակներէ երեքին՝ Սարըեէրի, Պէշիկթաշի եւ Շիշլիի պարագային տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուին CHP-ական քաղաքապետներ։ Ֆաթիհի, Էյուպի նման գաւառակներու մէջ պարագան այդպէս չէ։ Սակայն, այդ շրջաններու բնակիչներն ալ վերջին շրջանին CHP-ի ի նպաստ հակման ազդանշաններ ցոյց կու տան։ Ուստի, Չեւիքէօզ կը հաւատայ, որ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն համար իր տարած աշխատանքը յաջորդ քայլափոխին իր կուսակցութեան համար օգուտ կրնայ ապահովել նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ժամանակ՝ յառաջիկայ տարեսկիզբին։

«Տարիներէ ի վեր զիրար կը ճանչնանք եւ ես աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր Իսթանպուլի մէջ բնակող ընտանիքի մը զաւակը ըլլալով՝ պարտք համարեցի այցելել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը՝ որպէսզի իմ պատգամը, իմ խօսքը հասանելի ըլլայ նաեւ ձեր ընթերցողներու եւ համայնքային շրջանակին», ըսաւ Իւնալ Չեւիքէօզ։

Զրոյցի տեւողութեան երեսփոխանական թեկնածու Իւնալ Չեւիքէօզ եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կեանքի զանազան խնդիրներուն, մասնաւորապէս փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններուն եւ թրքահայոց պատրիարքական ընտրութեան հարցերուն շուրջ։

Զրոյցի աւարտին Իւնալ Չեւիքէօզ շրջայց մըն ալ կատարեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունէն ներս, ծանօթացաւ մեր անձնակազմի անդամներուն հետ եւ մանրամասնութիւններու հաղորդ դարձաւ թերթիս պատմութեան ու գործունէութեան շուրջ։ Հրաժեշտի փուլին Արա Գօչունեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Իւնալ Չեւիքէօզին։

 

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018