ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Քաղդէացի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարք Կարտինալ Մար Ռաֆայէլ Լուիս Սաքոն։ Պատրիարքին ընկերացած էր բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Իսթանպուլի Քաղդէացի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր ձեռնադրեալ առաջնորդ Մոնս. Սապրի Անար Եպիսկոպոսը։

Նորին Ամենապատուութիւնը հիւր պատրիարքը դիմաւորեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մուտքին։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններ ու քահանայ հայրեր։ Ապա, կազմուած թափօրը երկու պատրիարքները «Հրաշափառ»ով առաջնորդ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ ուխտի աղօթք։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց սոյն պատմական այցելութեան համար։ Իր կարգին, Կարտինալ Մար Ռաֆայէլ Լուիս Պատրիարքն ալ ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ու շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։ Հիւր պատուիրակութեան կողմէ տեղի ունեցան նաեւ շարականի երգեցողութիւններ։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին երկու պատրիարքները առիթն ունեցան զրուցելու։ Տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Կարտինալ Մար Ռաֆայէլ Լուիս Պատրիարքին նուիրեց հայկական եկեղեցական գոյքերու մասին անգլերէն հատոր մը եւ փայտեայ ձեռագործ ծաղկաման մը, իսկ Մոնս. Սապրի Անար Եպիսկոպոսին՝ լանջախաչ մը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2023